Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ատրպէյճանի մէջ սկսած են յաճախակի դառնալ արտակարգ ընտրութիւնները․ «Հայրենիք»

Օգոստոս 10,2024 10:10

Երկու անկապ նիւթեր, սակայն Պաքուի բռնապետը կապ մը գտած է, այդ ալ ի՜նչ կապ։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ որոշեց խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպել Սեպտեմբեր 1-ին, որպէսզի յոխորտանքով ներկայանայ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Պաքու ժամանելիք ներկայացուցիչներուն, որոնք Նոյեմբեր 11-22-ին պիտի մասնակցին կլիմայի փոփոխութեան հարցերով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան միջազգային համաժողովին (COP29): Ալիեւ ցոյց պիտի տայ, թէ որքա՜ն ժողովրդավարական հիմերու վրայ կը գործէ իր երկիրը…

Նախապէս, որոշուած էր, որ ընտրութիւնները տեղի ունենային համաժողովի օրերուն: Եթէ թուականի փոփոխութիւն տեղի չունենար, Ալիեւ որքա՜ն խայտառակ պիտի ըլլար աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած պատուիրակներու աչքին առջեւ, կեղծիքով եւ զեղծարարութեամբ հարուստ (վեր)ընտրութիւն մը բեմադրելով։ Եթէ առարկող ըլլար, պիտի պատասխանէր. «Ձեզի համար սովորութի՞ւնս պիտի փոխեմ…»։

Օտար դէտերու ներկայութիւնը միշտ ալ անհանգստացուցած են Ալիեւը։ Անոնք Սեպտեմբեր 1-ին վստահա՛բար կրկին մտահոգութիւն պիտի պատճառեն տէր եւ տիկին նախագահ եւ փոխ նախագահ ամոլին (եզակի դրութիւն մը), սակայն ըստ յիշեալ սովորութեան, նման «տաղտուկներ» կարելի պիտի ըլլայ դիւրութեամբ լուծել։ Դէտերը լաւագոյն պարագային դժգոհութիւն պիտի արձանագրեն ու… այդքան: Կարելի՞ է ակնկալել, որ աւելին ընեն: Այլ դէտեր կոյր կը ձեւանան Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ազերիական ոճիրներու դիմաց…

Պարզ է որ միջազգային համաժողովէն շաբաթներ առաջ, դասաւորուած պիտի ըլլայ ամէն բան: Ժողովի օրերուն, պիտի սարքուին զեխ սեղաններ, շքեղ պանդոկներու եւ առատ հիւրասիրութիւններու հովանոցին տակ, ժողովականներուն մեծ մասը, կուշտ ու կուռ գովաբանական բացագանչութիւներով պիտի աւարտէ զբօսա-կլիմայական այցելութիւնը։ Իսկ եթէ նրբանցքներու կամ վերելակներու մէջ «խաւիարի քաղաքականութիւն» տեղի ունենայ, ո՞վ կը վնասէ: Եւրոպացիք եւ ամերիկացիք քանիցս համտեսած են կասպեան խաւիարն ու իրենց գրպանը լեցուցած՝ փեթրօ-տոլարներով…

Ուշագրաւ է, որ Ատրպէյճանի մէջ սկսած են յաճախակի դառնալ արտակարգ ընտրութիւնները։ Այս տարօրինակ ախտը վարակիչ է կովկասեան բարձրաւանդակի երկիրներուն մէջ։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031