Այսու գրով մեր ժողովուրդի զաւակաց կը յայտնենք, թէ` տնօրինութեամբ Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբազան Արք. Տէրտէրեանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի քահանայութեան թեկնածու Կարէն Սարկաւագ Համամճեան, որ Մայիս ամսուայ ընթացքին Սուրբ Ներսէս Ընծայարանէն ներս վկայուեցաւ աստուածաբանական Մագիստրոսի վկայականով, հովանաւորութեամբ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան, երկու ամիսներու հովուական փորձառական շրջան մը բոլորելու նպատակով ժամանեց Գնալը կղզի: Սոյն ծրագիրը մշակուած է Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական ընծայարանին կողմէ։
Անցնող օրերուն Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ընդունեց ԱՄՆ-ու Արեւմտեան Թեմի սարկաւագաց դասէն Կարէն Սրկ. Համամճեանը։ Ընդունելութեան ներկայ էր Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Պատրիարք Հայրը բարի գալուստ եւ կեցութիւն մաղթեց բարեշնորհ սարկաւագին, որ հովուական ծառայութեան փորձառութիւն ձեռք ձգելու կողքին պատեհ առիթը պիտի ունենայ նաեւ ծանօթանալու Պոլսահայ ազգային եկեղեցական կեանքին ու ժառանգին։
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ եւ համագործակցութեամբ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Կարէն Սարկաւագի սոյն ուղեւորութիւնը գործնական փորձառութիւններու ձեռքբերման բացառիկ առիթ մը պիտի հանդիսանայ անոր համար:
Յուլիս 29, 2024
Կարդացեք նաև
Դիւան Առաջնորդարանի