Vaticannews. Անցեալ ուրբաթ օր ` 26 Յուլիսին Փարիզի մէջ կայացաւ Փարիզ-2024 Ողիմպիական Խաղերուն բացման արարողութիւնը որուն ընթացքին Քրիստոսի Վերջին Ընթրիքի տեսարանը ներկայացուեցաւ գռեհիկ ու սատանայական խեղկատակութեամբ։ Ի տես այս նախատինքին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմին Օգնական Եպիսկոպոս` Արհի. Գրիգոր Պատիշահ շրջաբերական նամակ մը ուղարկեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կղերի անդամներուն, որով «բուռն կերպով քննադատեց ու դատապարտեց» պատահածը, զոր որակեց «անկում մարդկային հասարակութեան համար եւ խախտում քրիստոնէութեան սրբութիւններուն, յանուն ազատութեան եւ ազատ արտայայտման»։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: