Քաղաքական սակարկութիւններուն մէջ փոխադարձ զիջում հասկացողութիւնը գործադրելի կ՛ըլլայ, երբ կողմերը պատրաստ են զիջումներու, որպէսզի սեղանին դրուած խնդիրները եւ հարցերը լուծուին։ Փոխադարձ զիջումները ծանր գին ունին, որոնք սակայն կը նպաստեն, որ տարակարծութիւններու պատճառ դարձած հարցեր լուծուին եւ ամբողջական հանգուցաքակում տեղի ունենայ՝ նպաստաւոր պայմաններու ստեղծմամբ։ Այս բովանդակութեան մէջ ալ պէտք է շեշտել, որ միակողմանի զիջում կը նշանակէ պարտութիւն եւ անձնատուութիւն, որովհետեւ խնդրին մէկ կողմը կը կատարէ զիջումներ, առանց դիմացը բան մը ստանալու։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կողմերէն կը պահանջէ ծանր փոխադարձ զիջումներ, որոնց պարագային միայն կարելի կ՛ըլլայ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքել եւ փակել տագնապին էջը։ Ամերիկացի բանբերը սակայն չմանրամասնեց, թէ ծանր փոխադարձ զիջում ձեւակերպումը գործածելով, ինչ ըսել կ՛ուզէ։ Հայաստան ինչպիսի զիջում պիտի կատարէ, որ համարուի ծանր։ Հո՞ղ պիտի զիջի, շրջան մը ամբողջ Ատրպէյճանի գերիշխանութեան տա՞կ պիտի դնէ, թէ հողէ եւ ինքնիշխան տարածքներէ պիտի զիջի, որպէսզի ատրպէյճանցիները ի վերջոյ համաձայն գտնուին խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու։
Հայաստանեան խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կը հաստատէ, որ հայկական կողմը զիջելու ոչինչ ունի։ Այս հաստատման ետին յստակօրէն կը նկատուին Սիւնիքի շրջանին կապուած մտավախութիւնները, մանաւանդ երբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը յայտարարէր,որ «մենք ամէն ինչ քննարկած ենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Մենք պէտք է բարձրացնենք խաղաղութեան առագաստները»։Թէ ինչ կը նշանակէ ամէն ինչ, քաղաքական փորձագէտներ նկատել կու տան, որ Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նկատի ունի այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը», որուն մասին ան կը շարունակէր իր յայտարարութիւնը եւ կը շեշտէր,որ միջանցքին բացումը կ՛ըլլայ «այս խաղաղութեան համաձայնագրին վերջնական քայլը եւ դրական արդիւնքներ կը բերէ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներուն համար»։
Ուաշինկթընէն իր վերադարձի ճամբուն վրայ, օդանաւին մէջ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ Էրտողան նաեւ կ՛ըսէր.- «Զանգեզուրի միջանցքը ռազմավարական է եւ օգուտ կը բերէ բոլոր կողմերուն՝ Ատրպէյճանին, Հայաստանին եւ Իրանին։Երբ այս միջանցքը գործէ, պիտի հեշտացնէ բոլոր կողմերուն գործը», կ՛աւելցնէր ան, յիշեցնելով,որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մեծ կարեւորութիւն կու տայ այս միջանցքին։
Կարդացեք նաև
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում