Կլենտէյլի քաղաքապետարանը հաղորդեց, թէ քաղաքապետ Էլեն Ասատրեան այցելեց Հայաստան՝ մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած «Ամերիկա-Հայաստան Տեղական ժողովրդավարութիւն» հաւաքին, ինչպէս նաեւ զարգացնելու քաղաքին եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները, եւ խթանելու մշակութային եւ կրթական փոխանակումներ։
Ամերիկեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան նահանգային եւ քաղաքային դիւանագիտութեան հարցերու գծով յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Նինա Խաչիկեան, որուն կ՛ընկերակցէր առեւտուրի եւ գործարարութեան հարցերու գծով յատուկ ներկայացուցիչ Սարա Մորկընթաու։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Ասատրեան, Քալիֆորնիոյ նահանգապետարանի ծրագրումի եւ հետազօտութիւններու գրասենեակի տնօրէն Սամուէլ Ասեֆա, Սքրենթընի (Փենսիլվենիա) քաղաքապետ Փէյճ Քոկնեթի, Հելէնայի (Մոնթանա) քաղաքապետ Վիլմընթ Քալինզ, Փասատինայի քաղաքապետ Վիքթտր Կորտօ, Քենզըսի նահանգապետարանի գիւղատնտեսութեան բաժանմունքի պետի տեղակալ Քելսի Օլսըն եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի տեղեկատուական կառավարման գրասենեակի պետ Թետ Ռաս։
Հաւաքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ամերիկայի արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար Ռիչըրտ Վերմա եւ բացայայտեց Սքրենթընի ու Արմաւիրի, Հելէնայի եւ Ստեփանաւանի ու Միշիկընի եւ Տաւուշի միջեւ քոյր քաղաքներու կամ նահանգի յարաբերութիւնները հաստատելու ծրագիրները։
Կարդացեք նաև
Ասատրեան իրեն համար մեծ պատիւ մը կը համարէ հրաւիրուիլը այսպիսի բարձրաստիճան հաւաքի մը՝ աւելցնելով, որ ամերիկեան եւ հայկական կողմերուն միջեւ գործակցութիւնը նպաստներ կը բերէ երկու կողմերուն։
Ասատրեան ամերիկեան պատուիրակութեան հետ նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ, իսկ Ասեֆայէի հետ՝ Կապան, որ Կլենտէյլի քոյր քաղաքն է։ Հոն քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարելիութիւնները։
Ասատրեան ամերիկեան պատուիրակութեան հետ եւ անջատաբար նաեւ այցելեց Գիւմրի եւ մասնակցեցաւ տեղեկատուական արհետագիտութիւններու, կլիմայի փոփոխութեան դէմ դնելու կարելիութիւններուն եւ տնտեսական զարգացման նուիրուած համագումարներու։
Գիւմրիի մէջ, Ասատրեան ներկայ եղաւ «Իմ Գիւմրին» ծրագիրի 3րդ բնակարանային ծրագիրի բացման արարողութեան, ուր 50 բնակարաններ յանձնուեցան1988ի երկրաշարժին ընթացքին իրենց բնակարանները կորսնցուցած ընտանիքներու։ Ծրագիրը կ՛իրականանայ Համահայկական հիմնադրամին եւ ARTN TV-ի սեփականատէր Ռոպերթ Օղլանխչեանի գործակցութեամբ։
Ասատրեան նաեւ այլ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պաշտօնատարներու, լրատուամիջոցներու, գործարարներու եւ համայնքային կազմակերպութիւններու հետ՝ ունենալով Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու ջանքերուն, քոյր քաղաքներու յարաբերութիւններուն, ժողովրդավարութեան, արդիւնաւէտ կառավարական կառոյցներու, կայունութեան, առեւտուրի, զբօսաշրջութեան եւ արհեստագիտական գործընկերութեան նուիրուած քննարկումներ:
Կլենտէյլ վերադարձին ան քաղաքապետական խորհուրդի օրակարգին վրայ դրաւ Կապանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու հարցը, որ պիտի քննարկուի յառաջիկայ ամիս եւ Սեպտեմբերին կ՛ակնկալուի քաղաքէն պատուիրակութեան մը Հայաստան այցելութիւնը։
Կլենտէյլի քաղաքապետարանը կը շեշտէ, թէ Ասատրեանի այցելութեան բոլոր ծախսերը հոգացած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը։