Ընտրապայքարէն դուրս գալու Պայտընի որոշումը անակնկալ էր միայն այն անկիւնէն, որ նախօրեակին, եւ հակառակ Պսակաւոր ախտէ վարակուած ըլլալու լուրերուն, ան վճռած էր շուտով վերադառնալ մրցադաշտ (Ողիմպիականներուն զուգահեռ…): Ըստ ամենայնի՝ անակնկալ չէր, որովհետեւ Դեմոկրատ կուսակցութիւնը ահազանգի մատնուած էր վերջին շաբաթներուն, մասնաւորաբար յիշեալ հրապարակային բանավէճէն ետք, եւ օր ըստ օրէ կ’աւելնար թիւը այն խորհրդարանականներուն, ազդեցիկ դէմքերու (Օպամա, Փըլոսի…) եւ համակիրներու, որոնք կը պահանջէին վերջ տալ ընտրապայքարին: Կարելի չէր անտեսել մանաւանդ… նուիրատուները, որոնք կը սպառնային դադրեցնել իրենց նիւթական աջակցութիւնը, եթէ Պայտըն յամառէր մնալ մրցավազքին մէջ (ո՞վ չի գիտեր, թէ ի՞նչ ակնկալութիւններով ինչպիսի՜ հսկայական գումարներ կը նետուին ընտական գանձանակներու մէջ, ի նպաստ այս կամ այն թեկնածուին: Պայտընի որոշումը մտրակահարեց «Թրամփին պիտի յաղթենք»-ի «հանգանակային» արշաւը: Նախագահական աթոռը երկար ատենէ ի վեր դարձած է… աճուրդի ապրանք):
Անակնկալ չէր նաեւ այլ կեցուածք մը. Պայտըն բացայայտեց, որ ընտրապայքարի դրօշը կը փոխանցէ իր փոխ նախագահին՝ Քամալա Հէրիսի (նոյնը պատահած էր անուղղակի կերպով՝ աւելի քան չորս տարի առաջ, երբ Պարաք Օպամային յաջորդած Թրամփի դէմ ընտրապայքարի մտած էր Օպամայի փոխ նախագահը՝ նոյնինքն Պայտըն, եւ շահած էր):
Պայտընի ուշացած բայց սպասելի որոշումը ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ կը ստեղծէ Դեմոկրատ կուսակցութեան համար, որ հիմա համեմատաբար կարճ ժամանակ ունի վառելանիւթ ապահովելու յաջորդ յաւակնորդի ընտրապայքարին: Ընտրութիւնները Նոյեմբերի սկիզբին են: Եթէ Հէրիսի թեկնածութիւնը ցուցանիշ է, որ դեմոկրատները արդէն ատենէ մը ի վեր սկսած էին «ճաշը պատրաստել», (վաղը այս «ուշացում»-ը կրնայ դիտուիլ իբրեւ մարտավարական քայլ), պաշտօնական գործը կը պահանջէ ճիգերու լարում: Կուսակցութեան համագումարը, ուր կ’որոշուի թեկնածուն (նաեւ փոխ նախագահութեան թեկնածուն) հազիւ ամիս մը հեռու է: Դեմոկրատները չեն կրնար անտեսել, որ Թրամփ, հակառակ իբրեւ անուղղայ յանցապարտ դատապարտուած ըլլալուն եւ ընտրապայքարը յերիւրանքներով սնուցանելու իր խաղքութիւններուն, վերջերս յառաջ ինկած է մրցավազքին մէջ, ապահոված է Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուի տոմսը: (Անշուշտ կան ողբացողներ, թէ մրցակից կուսակցութիւններուն սնանկութիւնը ո՛ւր հասած է…): Աւելին, մօտաւորապէս 10 օր առաջ անոր ականջին հասած փամփուշտ մը յաւելեալ վառելանիւթ ներարկեց անոր շոգեկառքին:
Մեզի՝ հայերուս համար ալ, ընտրապայքարի յաջորդ փուլը եւ Պայտընի ժառանգութիւնը ունին հեաքրքրական երեսներ, ու Երեւանի – եւ յարակից – մամուլը արդէն իսկ լծուած է նախատեսութիւններու եւ վերլուծումներու (յաճախ մոռնալով, որ, կրկնենք՝ անհատներու փոխարինումը անպայման շրջադարձային գործօն մը չէ):
Մեր հարցերուն պրիսմակը բաւական գունաւոր է. Պայտըն եղաւ Միացեալ Նահանգներու այն նախագահը, որ (Հայաստանի վերանկախացումնէ ետք) առաջին անգամ ըլլալով ճանաչում տուաւ Ցեղասպանութեան: Եթէ այդ որոշումը, որ յաջորդած էր ամերիկեան խորհրդարանի երկու Տուներուն կողմէ որդեգրուած՝ ճանաչումի բանաձեւերուն՝ դրական զարգացում մըն էր, անկէ ետք, ու մասնաւորաբար վերջին երկու-երեք տարիներուն, յստակ է, որ մեր հարցերուն նկատմամբ Պայտըի Ուաշինկթընին կեցուածքն ու ընթացքը նոյնքան բարենպաստ չեն: Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի (ու անոր ետին կանգնող Թուրքիոյ) բացայայտ թշնամութիւնը, իրագործած նոր ցեղասպանութիւնը՝ ըստ էութեան կրաւորականութեամբ, առաւելաբար «խօսքի փիլաւ»ներով դիմաւորուած է Ուաշինկթընի կողմէ, մօտաւորապէս այնպէս՝ ինչպէս կ’ըլլայ պաղեստինցիները ջարդող ու Կազան քար ու քանդ ընող (առանց մոռնալու Արեւմտեան ափէն կտոր-կտոր հող խլող) իսրայէլեան վարչախումբին պարագային: Տարուէ տարի աւելի՛ բացայայտ կը դառնայ, որ Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան (եւ ընդհանրապէս արեւմտեան) նպաստներն ու զօրակցութիւնը ունին մէկ գլխաւոր մտասեւեռում՝ Հայաստանը (եւ ընդհանրապէս Կովկասը) վերածել Ռուսիոյ դէմ ճակատումի դաշտի (հոս չքննարկենք, թէ Երեւանի վարչախումբը ի՞նչ դերակատարութիւն ունի, կամ այն՝ որ Ռուսիոյ կեցուածքները ինչպիսի՞ մղումներէ կը տարուին): Եթէ կ’անտեսուին թուրք-ազերիին բռնատիրական եւ ցեղասպանական վարմունքը, «քաղաքականութիւնը,» նոյնքան մը ալ կ’անտեսուին Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պահպանման կորուստները:
Այս դիտանկիւնէն ալ, Միացեալ Նահանգներու ընտրապայքարի յաջորդ փուլն ու անոր հաւանական արդիւնքները պէտք է դիտել քաղաքական այն տրամաբանութեամբ, որ «գլուխդ սեփական եղունգով պէտք է քերես», այսինքն՝ սկսիլ վերականգնել այն փոքր ու մեծ խաղաթուղթերը, որոնք հիմ պիտի ծառայեն մեր հարցերուն լուծման, մեզ դուրս պիտի բերեն կրաւորական վիճակէ եւ պիտի իրականացնեն ԻՐԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: