Շատ յստակ խնդիր մը գոյութիւն ունի։ Երբ Հայաստան կ՛ըսենք, ինչ կը հասկնանք։ Վարչակարգին յանկերգած «իրական Հայաստան»ի սահմաննե՞րը։ Եթէ այդպէս է, Իլհամ Ալիեւի սրբագրութեամբ եւ տրամաբանութեամբ անիկա 29,743 քառակուսի քիլոմեթր է, ոչ թէ 29,800 քառակուսի քիլոմեթր։ Ատրպէյճանցիները մեր ինքնիշխան պետութեան սահմանները կը ճանչնան իրենց տրամաբանութեամբ եւ հարց կը ծագի, թէ անոր դէմ դնելու գործիքակազմին մէջ Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած քայլերը ինչ արդիւնք պիտի տան։
Հազարաւոր տարիներու ընթացքին ունեցած ենք պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններ, թագաւորութիւններ, կիսանկախ իշխանութիւններ, հարկատու թագաւորներ, վասալներ, մելիքութիւններ եւ այլ տեսակի իշխանութիւններ։ Հիմա հարցը, որ կը յառաջանայ, հետեւեալն է։ Այս բոլոր պատմութիւնները ինչով կը հիմնաւորուին։ Կը խորհիմ, թէ հայութեամբ։ Հայութիւնը՝ ժողովուրդը, որ ապրած է տարբեր տեսակի իշխանութիւններու տակ եւ գոյատեւած ու պահպանած հայ ազգը՝ իր բոլոր բաղադրիչներով։ Պետականութիւնը իր մէջ կ՛ընդգրկէ ազգը եւ անոր պատմութիւնը, որ սերտօրէն միաձուլուած է պետութեան պատմութեան հետ, որուն ընթացքին պետականութեան չգոյութեան դարաշրջաններուն, ազգը պահած է իր ինքնութիւնը եւ համախումբ ապրելու կարողութիւններ եւ հմտութիւններ ցուցաբերած է, անկախ թէ որուն տիրապետութեան տակ գտնուած է։ Պետութեան չգոյութեամբ, ազգը չէ վերացած։ Հայոց պատմութիւնը այս տրամաբանութեամբ ալ ընկալելու եւ սորվեցնելու հոլովոյթին մէջ պետութեան գաղափարը չի զիջիր եւ նսեմանար, ոչ ալ երկրորդական կարգի վրայ կը դրուի։Երբ անկախութիւն ունեցանք, պետութիւն կերտելու հոլովոյթը ընթացք առաւ եւ ամէն բանէ վեր դասուեցաւ անիկա, հակառակ բազում դժուարութիւններու եւ յաճախ անյաղթահարելի թուացող մարտահրաւէրներու։ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան երկամեայ պատմութիւնը վկան է ասոր եւ պետութիւնը զոր կերտուեցաւ, փոխանցուեցաւ յաջորդ իշխանութիւններուն։ Պետութեան հիմերը դրուած էին եւ համայնավարները ժառանգեցին զայն։
Ազգ եւ պետութիւն միաւորման մէջ, ազգի գաղափարը կը յաղթէ, որովհետեւ պետութիւնը ապրեցնողն է, անոր ամուր յենարանը։ Հայոց պատմութիւնն ալ այս տրամաբանութեան արտացոլացումն է եւ այդպէս պէտք է ըլլայ։ Պետութիւնը եւ ազգը փոխկապակցուած են եւ զիրար կը պահեն ու կը պահպանեն։ Հայոց պատմութեան առանցքը ասիկա է եւ այս գաղափարով ալ պէտք է առաջնորդուի հայոց պատմութեան դասագիրքերուն ներքին տրամաբանութիւնը՝ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը խմբագրելու ընթացքին։ Ազգը եւ պետութիւնը իրարու չեն զիջիր եւ մէկը միւսէն առաւել կարեւորութիւն չունի։ Բայց յստակ է, որ պետութիւնը ապրեցնողը, զայն ոտքի պահողը ազգն է։ Հայը եւ Հայութիւնը։ Հայ ժողովուրդը։ Որուն պատմութիւնն ալ կը կոչուի Հայոց Պատմութիւն՝ պետականութեամբ եւ առանց պետականութեամբ։
Ա.Ա.
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում