Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Այսպիսի արարքներ բացարձակապէս անընդունելի են». ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն՝  Պուրճ Համուտի դէպքին գծով

Հուլիս 17,2024 12:26

Ուրբաթ, 12 Յուլիսէն Շաբաթ, 13 Յուլիսի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Պուրճ Համուտի Թրատ թաղամասին մէջ անհատական միջադէպի մը պատճառով, ընտանիքի մը անդամ երիտասարդներ փորձեցին ներխուժել թաղամասի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբը եւ հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որոնք ընդամէնը քանի մը մեթր հեռու են ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանատունէն:

Յայտնի անցեալով եւ շրջանին մէջ հարցեր ստեղծելով ծանօթ այդ անձերը կրակեցին, հայհոյանքներ եւ համայնքային կիրքեր հրահրող արտայայտութիւններ բացագանչեցին, սակայն «Նիկոլ Դուման» ակումբի մեր ընկերները եւ շրջանի բնակիչները յաջողեցան ետ մղել այդ խմբակները:

Բոլորին ուշադրութեան կը յանձնենք, որ Պուրճ Համուտը ունի իր իւրայատուկ դիմագիծը եւ անոր իւրայատկութեան ու խաղաղ համակեցութեան պահպանման համար ՀՅԴն տասնամեակներ շարունակ յանձն առած է մեծ զոհողութիւններ, առանց ճիգ եւ արիւն խնայելու:

Հետեւաբար, կը զգուշացնենք բոլոր անոնք, որոնք ցարդ չեն կրցած ըմբռնել այդ իւրայատուկ դիմագիծին կարեւորութիւնը, որ այսպիսի արարքներ բացարձակապէս անընդունելի են, եւ ոչ մէկ ձեւով կարելի է լուռ անցնիլ անոնց վրայէն:

Նաեւ կը պահանջենք, որ ապահովական եւ դատական մարմինները տէր կանգնին իրենց պարտականութիւններուն, որովհետեւ կարելի չէ անտեսել երկրի զգայուն այս պայմաններուն մէջ միջհամայնքային հարցեր հրահրելու փորձերը. միւս կողմէ, շրջանի բնակիչները չեն կրնար անվերջանալիօրէն հանդուրժել այդ զինեալ երեւոյթները, օրինազանցութիւնները եւ ոտնձգութիւնները:

Ուստի, ապահովական մարմինները պարտին փութալ՝ վերջ դնելու այդ վտանգաւոր երեւոյթներուն եւ այդ արարքներու հեղինակները յանձնեն դատական իշխանութեան, սանձելու համար միջհամայնքային հարցեր յառաջացնելու փորձերը եւ կարգի բերելու բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ կրնան սանձարձակօրէն եւ անհետեւանք խախտել խաղաղ բնակչութեան եւ շրջաններու անդորրը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Կը Լուսաբանէ Ուրբաթ, 12 Յուլիսին Պուրճ Համուտի Մէջ Պատահած Դէպքը

Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը Կիրակի, 14 Յուլիսի երեկոյեան իր լուրերուն մէջ անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ Ուրբաթ, 12 Յուլիսի երեկոյեան տեղի ունեցած դէպքին` նշելով, որ անիկա սկսած է` իբրեւ անձնական դէպք, որուն լուծման համար միջամտած են ՀՅԴ շրջանի ակումբէն տղաք, եւ երկու անձերը իրարմէ բաժնած:

«Էմ.Թի.Վի.»ն այս ծիրին մէջ զրուցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ, որ յայտնեց, թէ շուրջ 60-70 անձերէ բաղկացած խումբ մը եկան ՀՅԴի ակումբին առջեւ եւ սկսան համայնքային կարգախօսներ բացագանչել եւ փորձել մուտք գործել:

Ան բացատրեց, որ կայ խմբակ մը, որ այդ մէկ-երկու թաղին մէջ կը զբաղի ապօրինի տուրքեր գանձելով, ելեկտրականութեան շարժակներ բանեցնելով, աղբահաւաքութեամբ եւ այլ հարցերով:

«Ժողով գումարեցինք «Ամալ» շարժումի բարձրագոյն ղեկավարներուն եւ «Հըզպալլա»ի հետ, եւ ի յայտ եկաւ, որ այդ խմբակը ո՛չ շարժումին հետ կապ ունի, ոչ ալ կուսակցութեան: Անոնք անկարգներ են: Թող երթան եւ այլ շրջանի մէջ անկարգութիւն ընեն», ըսաւ Բագրատունի:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031