«Ակադեմական քաղաք» կոչուած ծրագրին մասին արդէն տարի մըն է կը խօսուի ու կը գրուի Հայաստանի մամուլին մէջ եւ կամ կը հրամցուի սակաւապետերու (օլիկարխ) եւ վարչակարգին կողմէ հովանաւորուող հեռուստակայաններու կողմէ։ Այս նոյն շրջանին, խօսք ելաւ նաեւ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը ուրիշ տեղ մը տանելու առաջարկութեան մասին։ Ատեն մը խօսուեցաւ նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանը այլ տեղ փոխադրելու մասին (ես այս համալսարանի հպարտ շրջանաւարտ մըն եմ)։
Այս ծրագիրները կը յղացուին ուղեղային հիւանդութեամբ տառապող միեւնոյն պետական այրերու «կլոպալիզացուած» (համաշխարհայնացուած) ու «սորոսացուած» գանկերուն մէջ։ Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնան նաեւ նշուած ծրագիրներէն հայ եւ ոչ-հայ ձեռնարկատէրերու հսկայական դրամ շահելու ախորժակները։
Ուրեմն այս ընթացքով Երեւան քաղաքի հանճարեղ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանի յատակագիծը կ՛ոտնակոխուի․ նոյնն է, թէ Էյֆելի աշտարակը տեղափոխուի այլ վայր, որպէսզի այդ վայրերը բարելաւուին եւ հրապուրիչ դառնան այցելուներուն։
Մեր ուսանողութեան եւ դոկտորական տարիներուն (1968-1978) գլխաւոր կազդուրիչ վայրերն էին մեր ուսումնական հաստատութիւններուն մօտ գտնուող զբօսայգիները, սրճարանները, թատրոնները, որուն շնորհիւ ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՇՆՉԷՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԻՆ ԿՈՒ ՏԱՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԴԻՄԱԳԻԾ։ Հետեւաբար այսպէս կոչուած «Ակադեմական քաղաք» կոչուած ծրագրով «Երեւան, իմ բարի քաղաք»ը, «Գարուն Երեւան, սիրուն Երեւան»ը պիտի զրկուի ԻՐ ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՏԿԱՆԻՇԷՆ։
Արդարեւ ներկայ վարչակարգի վերջին 4-5 տարիներու շարժառիթները վերլուծելէ ետք կրնանք հետեւցնել, թէ ծրագրին նպատակներէն մէկն է նաեւ հայ բնակչութեան աւելի գործուն խաւը՝ ուսանողութիւնը հեռացնել մայրաքաղաքէն, հաւաքել «մէկ տանիքի տակ», որով աւելի դիւրին կ՛ըլլայ հսկողութիւն բանեցնելը անոնց վրայ։
ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: