«Ասպարեզ». 9 Յուլիսին, Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալի թելադրանքով, երկրին «Պատուոյ Կարգ»ի ազգային շքանշանը (Ordre National de la Legion d’honneur) շնորհուեցաւ Մուրատ Փափազեանին:
Այս շքանշանը, որ մտայղացումն է Նափոլէոն Պոնափարթին՝ կը շնորհուի 1802էն ի վեր՝ զինուորական թէ քաղաքային այն անձերուն, որոնք յատկանշական ծառայութիւն մատուցած են Ֆրանսային: Մինչ օրս, մօտաւորապէս 1 միլիոն անձեր պարգեւատրուած են այս շքանշանով:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան համանախագահն է Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին: