Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2024-ին, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Մասուտ Պեզեշքեանին ուղղած իր յատուկ նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, թեմերուն եւ յատկապէս Իրանի հայութեան, ջերմօրէն շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը՝ որպէս նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:
Իր նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Իրանի պատմական յարաբերութեան եւ բարի դրացնութեան, յոյս կը յայտնէ, որ պատմութենէն ժառանգուած բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը վերանորոգ ոգիով պիտի շարունակուի՝ յատկապէս ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Նորին Սրբութիւնը խօսելով Իրանի հայութեան մասին՝ կը յիշեցնէ, թէ ան անբաժան մասը կը կազմէ իրանեան ընկերութեան եւ անոր ներկայութիւնը երկրէն ներս պատմական հարուստ խորք ունի. եւ Իրանի հայութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել երկրին առաւել զարգացման՝ զանազան բնագաւառներէն ներս: Նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կը յիշէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Մշակութային Կեդրոնին ու Կրօնական Երկխօսութեանց Բաժանմունքին հետ շարունակուող երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ ի խնդիր ներկայ ժամանակները յուզող ընկերաբարոյական հարցերու քննարկման:
Վերջապէս, Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով Մասուտ Պեզեշքեանին նախագահ ընտրութիւնը՝ կը մաղթէ, որ անոր բոլոր ծրագիրները ու յոյսերը իրականանան: