Հայ Օգնութեան Միութեան «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը, որ ընթացք առաւ Յունուար 2024ին, կը նպատակադրէ հարազատ երդիքով մը ապահովել արցախահայ ընտանիքներ, որոնք Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք՝ Արցախի հայաթափմամբ, կորսնցուցին իրենց բնակարանները։
«Յոյսի Օճախներ» ծրագրով արդէն իսկ գնուած է երկու բնակարաններ՝ Հայաստանի Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ։ Բնակարանները կը գտնուին նորոգութեան ընթացքի մէջ, ինչպէս՝ կոյուղիներու նորոգութիւն, հորի պատրաստութիւն, պեթոնէ օղակներու տեղադրում։
Հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ նպատակներուն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շարունակէ ճիգեր թափել՝ կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ նոր բնակարաններ գնելու եւ զանոնք հիմնովին վերանորոգելէ ետք, յանձնել արցախահայ ընտանիքներու։
Կարդացեք նաև
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ջերմ փափաքն է, որ կարելի եղած չափով նկատառելի թիւով արցախահայ ընտանիքներ ձմեռը դիմաւորեն իրենց հարազատ երդիքին տակ։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հաւատայ, որ հաւաքական ճիգերով եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել։
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան սոյն ծրագրին կարելի է աջակցիլ՝ միանալով ընկերային ցանցերու վրայ իր ունեցած էջերուն կամ օգտագործել https://ars1910.org/give/ կապը։
Հայ Օգնութեան Միութիւն