Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Դո՞ւք էլ եկած էք փրկելու». «Հայրենիք»

Հուլիս 06,2024 09:40

Երեւան, Յունիսին, «Սրբազան»-ի գլխաւորած հանրահաւաքներնէն մէհէն ետք, երբ արդէն մութ էր, հազարաւորներու երթն էր Բաղրամեան պողոտայի վրայ, նոյնքան հազարաւոր ոստիկաններու հսկողութեան ներքեւ:

«Հայրենիքի փրկութեան» կոչին ընդառաջելով, «սփիւռքահայեր» ալ կը մասնակցէին «հաւաք»ներու:

Հանրապետութեան հրապարակէն Բաղրամեան Պողոտայ բարձրացող խիտ շարքերով երթին մէջ գտնուած էր սփիւռքէն եկած ծանօթ մը, որուն հանդիպեցայ «կենտրոն»–էն Կոմիտաս գացող հանրակառքին մէջ:

Ան պատմեց. «Բաղրամեան Պողոտան բեմ էր երթին մասնակցող բազմահազարներու եւ նոյնքան ոստիկաններու, որոնց ինքնաշարժները վեր վար կը սուրային, հնչեցնելով իրենց խլացնող ահազանգը: Դանդաղ ընթացքով, երբեմն կանգ առնելով, յառաջացանք քանի մը շարքերով կանգնած ոստիկաններու պատնէշին առջեւէն: Պահ մը, երբ երթը դանդաղած էր, ոստիկան մը, հաւանօրէն կռահելով, որ սփիւռքահայ էինք, զիս եւ կողքէս քալող ընկերս սեւեռելով, ըսաւ. «Դուք է՞լ եկել էք փրկելու»: Ուրիշ բառ չաւելցուց: Երթը երերալով շարունակուեցաւ»:

Բարեմիտ եւ զգացական շարքային սփիւռքահայուն ուղղուած ոստիկանին խօսքը ուզեցի հասկնալ: Այսօր ալ կ’ուզեմ հասկնալ: Այդ խօսքը այնքա՜ն բարացուցական էր։

Ի՞նչ ուզած էր ըսել հայ ոստիկանը:

«Դո՞ւք էլ եկած էք փրկելու»…

Ոստիկանին, ոստիկաններուն եւ զանոնք Բաղրամեան պողոտային վրայ, սաղաւարտով եւ խիտ շարքերով կանգնեցնողները անոնց ըսա՞ծ են, թէ ի՞նչ փրկելու համար խիտ շարքերով եւ սպառազէն հոն են, յիշեցնելով Հռոմի կուռ լէգէոնները: Մի ոմն հայ ոստիկան, փոխանակ նման հարցում ուղղելու համեստ սփիւռքահայուն, որ յունիսին Հայաստան եկած էր իր հայրեիքի սէրը ոռոգելու, աւելի լաւ կ’ընէր, եթէ անոր ըսէր, թէ ի՞նչ կ’ընէին հազարաւոր ոստիկաններ պողոտային վրայ, վերը, վարը, իրենք ի՞նչ կ՞ընէին:

Ի՞նչ կը փրկէին:

Օրերը կ’անցնին, յաճախ կը մտածեմ hայ ոստիկանի սփիւռքահայուն ուղղուած խօսքի մասին: Միթէ՞ ան ըսել կ’ուզէր, թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ ընելու համար ան կը գտնուէր բողոքողներու շարքին, ինք որ զբօսաշրջիկ էր, օտարերկրացի էր, վաղը հոն պիտի չըլլար, ինչո՞ւ միջամուխ կ’ըլլար տեղական խնդիրներու, ի՞նչ կը պահանջէր, եւ ո՞ր իրաւասութեամբ, ինք որ բանակ չէր գացած, զոհ չէր ունեցած, տուրք չէր վճարեր: Ի՞նչ կ’ուզէր փրկել: Բայց իրողութիւնը այն էր, որ Երթին մասնակցող հազարաւորները սփիւռքահայեր չէին: Ոստիկանը եթէ այդ հարցումը ուղղէր այդ հազարաւորներուն, աւելի ճիշդ կ’ընէր, ինք կը լուսաբանուէր: Եթէ անոնք ալ իրեն հարցնէին, թէ «դուք ինչո՞ւ սաղաւարտներով եւ վահաններով կանգնած էք ի՞նչ փրկելու…

Շարքային սփիւռքահայը չէ հարցուցած, ինչպէ՞ս կրնար հարցնել, թէ ոստիկանը ինք ի՞նչ կ’ուզէր փրկել կամ պաշտպանել: Եթէ հարցնէր եւ պատասխան ստանար, այդ կ’ըլլար երկխօսութիւն, որպէսզի, յանկարծ, հերթին մասնակցող հայ հազարները, եւ ոստիկանական ջոկատներու հայ հազարները, դէմ դիմաց չկանգնէին,եւ ըլլային կողք կողքի:

Եթէ ազգի եւ հայրենիքի գոյութենական տագնապի գիտակցութիւն չ’ըլլար, հազարաւորներ, յունիսի այդ պայծառ օրը փողոց իջած չէին ըլլար, համեստ սփիռքահայն ալ կը թափառէր Թումանեան փողոցին կամ Հիւսիսային պողոտային վրայ, Օփերայի տոմսակ գնած կ’ըլլար եւ կը սպասէր որ դռները բացուէին, եւ ինք իր փայփայած հայկական ինքնահաստատատման հպարտութիւնը զգար՝ հայկական տաղանդի վկայ ըլլալով:

Ցոյցերու ընթացքին պատահեցաւ նաեւ անցանկալին: Ոստիկանական միջամտութեան պատճառով եղան վիրաւորներ, տեսանք արիւնլուայ գլուխով եւ դէմքով հանրածանօթ Աբրահամ Գասպարեանը, ըսին նաեւ, որ հայ մարդ մը, ոստիկանական բրտութեան պատճառով, իր մատները կորսնցուցած էր: Հաշմուած էր:

Ինչպէ՞ս հասկնալ, անտարբեր մնալ, երբ մարդիկ «բողոք»ի համար կը տեղափոխուին ո՛չ թէ մէկ փողոցէ միւսը, այլ կ’երթան նաեւ, Գիւմրի, Սոթք, Վանաձոր: Անոնք այդ քաղաքները չեն երթար «տուրիստական» զուարճութեան համար: Անոնք ներկայ են, կը տագնապին, որովհետեւ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»ի իրաւունքի եւ երազի մարումէն ետք, ականատես են եւ, վկայ, հայրենի գիւղերու ծուատման:

Ո՞ւր կրնայ յանգիլ ծուատումներու գումարը:

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031