Մինչ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները խոչընդոտ կը տեսնեն Հայաստանի Մայր Օրէնքը, Ատրպէյճանի սահմանադրութիւնը ինքնին լրջագոյն արգելք մը կը հանդիսանայ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի մը կնքման դէմ, որովհետեւ անոր մէջ յղում կը կատարուի ատրպէյճանական անկախութեան ուխտին, ըստ որուն, ներկայ Ատրպէյճանը ոչ թէ խորհրդային, այլ 1918-ի «Դեմոկրատական Հանրապետութեան իրաւայաջորդն է, որուն իշխանութիւնը կը տարածուէր Արեւելեան եւ Հարաւային Անդրկովկասի վրայ»։
Ներկայիս ատրպէյճանական քարտէսներով այս ձեւակերպումը կը ներառէ Հայաստանի Սիւնիքի մարզը, ինչպէս նաեւ Գեղարքունիքի եւ Վայոց Ձորի որոշ տարածքներ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շատ հպանցիկ ակնարկով մը նկատողութիւն արձանագրած է Ատրպէյճանի սահմանադրութեան վերաբերեալ։Երեւանի այս կեցուածքը սակայն ատրպէյճանական սուր քննադատութիւններու արժանացաւ,թէ կարելի չէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանադրութիւններուն միջեւ զուգահեռներ գծել։ Ալիեւ այս առիթով դարձեալ պնդեց, որ Հայաստանի սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի։Փաշինեան ապա մայիսի վերջերը ստորագրեց որոշում մը, ըստ որուն, Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդը ոչ թէ պէտք է բարեփոխէ գործող սահմանադրութիւնը, այլ նոր սահմանադրութիւն մը մշակէ եւ ներկայացնէ։
«Մենք պէտք է ունենանք սահմանադրութիւն մը, որ Հայաստանի հանրապետութիւնը աւելի մրցունակ եւ կենսունակ կը դարձնէ աշխարհաքաղաքական եւ շրջանային նոր պայմաններուն մէջ», կը յայտարարէր ան։Հայկական կողմը մինչեւ հիմա յստակօրէն չէ յայտարարած, որ խնդիրներ կը տեսնէ Ատրպէյճանի սահմանադրութեան մէջ՝ պահանջելով անոր փոփոխութիւնը, որովհետեւ Ատրպէյճանի սահմանադրութեան մէջ ալ Հայաստանէն հողային պահանջներու ձեւակերպումներ գոյութիւն ունին։ Այս ծիրին մէջ ալ պէտք է ընդգծել,որ միակողմանի զիջումներու այս յորձանուտը կրնայ ոտնատակ ընել Հայաստանը։Իրական Հայաստանը, որուն մասին Նիկոլ Փաշինեան շատ կը սիրէ խօսիլ։
Ա.Ա.
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում