Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ոսկի առիթ մը կորսնցուց, երբ իր յայտարարութեան մէջ, պաղեստինցի ժողովուրդին շահերն ու իրաւունքները պաշտպանելու կողքին, որեւէ ակնարկութիւն չըրաւ ու վերստին բեմահարթակ չբարձրացուց Արցախի հիմնահարցը. «Հայրենիք»

Հունիս 28,2024 11:41

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը, յայտարարութիւն մը լոյս ընծայեց՝ պաշտօնապէս ճանչցաւ Պաղեստինի պետութիւնը։

Կրկնենք ու վերահաստատենք, որ այս ողջունելի որոշումը կարելի չէ քննադատել։ Սակայն գոյութիւն ունի կարեւոր ԲԱՅՑ մը․․․ Աւելի ճիշդը՝ ԲԱՑ մը, որ հայելին է Երեւանի դիւանագիտական ոլորտը վարողներուն անփորձութեան եւ անճարակութեան։

Ինչո՞ւ:

Փաստօրէն, Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ոսկի առիթ մը կորսնցուց, երբ իր յայտարարութեան մէջ, պաղեստինցի ժողովուրդին շահերն ու իրաւունքները պաշտպանելու կողքին, որեւէ ակնարկութիւն չըրաւ ու վերստին բեմահարթակ չբարձրացուց Արցախի հիմնահարցն ու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, ձգտումը։

Ճի՛շդ է. Պաղեստինի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի կ’ունենայ, եւ ո՛չ միայն պատերազմի նորագոյն փուլին պայթումէն (անցեալ Հոկտեմբերին) ի վեր: Եւ ճի՛շդ հոս է որ մեր դիմաց կը ցցուի ԲԱՅՑ-ը, որովհետեւ անցեալ Սեպտեմբերին իրականացած՝ Արցախի հայաթափումէն շա՜տ առաջ, հայրենիքի այդ մարզը գրեթէ տարի մը շրջափակուած էր, հոն այլ տեսակի ցեղասպանութիւն՝ ցեղային զտում տեղի ունեցաւ։

Հոս ալ Հայաստան նշաձողը չկրցաւ բարձրացնել եւ ոսկի առիթը օգտագործել՝ պատշաճ ձեւով ներկայացնելու Արցախի հիմնահարցը։ Զարմանալի՞ է: Հաւանաբար Երեւան չուզեց նշաձողը բարձրացնել, որովհետեւ Արցախի հայաթափումէն ասդին, օր ըստ օրէ աւելի հնչեղ կը դառնայ ներկայ իշխանութիւններուն հետզհետէ խորացող ատելութիւնը՝ Հայաստան տեղահանուած արցախահայութեան հանդէպ, նաեւ բացայայտ ճիգը՝ այդ զգացումը վարակիչ դարձնելու համար: Այլեւս տրամաբանութիւնը այն չէ, թէ «Արցախի բեռը իջեցնենք մեր ուսերէն», այլ հիմա կ’ընեն ամէն բան, որպէսզի արցախցիք դիտուին իբրեւ «եկուոր» ու մղուին Հայաստանէն հեռանալու։

Աւա՜ղ։ Ո՛չ տեսութիւն,  ո՛չ ալ տեսողութիւն ունին ներկայ իշխանութիւնները, որոնք չեն գիտակցիր, թէ «Աւգեան ախոռ» մը ստեղծած են, այսինքն իրերու եւ երեւոյթներու լքեալ ու անտեսուած կացութիւն մը, որուն դարմանումը մինչեւ իսկ վեր է դիւցազնական Հերակլէսի կարողութենէն…։

Խմբագրական

Հոդվածն ամբողջությամբ՝  «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930