«Ազդակ». «Փոթորիկի մէջ մնացած լիբանանեան նաւը անմիջական կարիքը ունի նաւապետի». Այսպէս արտայայտուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոս 25 յունիս 2024-ին, մարոնի եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքերքէի մէջ կայացած Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերու հաւաքին:
Մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին հրաւէրով տեղի ունեցած յիշեալ հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Ռայի պատրիարք, կարտինալ Փարոլին, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Աուտէ արքեպիսկոպոս. իսկ իսլամներուն կողմէ` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Տըրիան, շէյխ Ապի Մունա եւ շէյխ Ալի Քատուր: Բոլորը շեշտեցին նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան կարեւորութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը առիթը ունեցաւ կարտինալ Փարոլինի հետ երկար զրոյց ունենալու եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով իր տեսակէտը պարզելու. վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութեան եւ Արցախի ժողովուրդին միջազգային երաշխաւորութեամբ վերադարձի ու հայ ռազմագերիներու հարցին:
Յայտնենք, որ այս հարցերուն վեհափառ հայրապետը անդրադարձած էր Վատիկանի մէջ եւս իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին: