Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Տեղի ունեցաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» գիրքի ներկայացում-քննարկումը

Հունիս 23,2024 14:20

Ուրբաթ, Յունիսի 21, 2024-ին, կազմակերպութեամբ Լոնտոնի Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան, տեղի ունեցաւ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» գիրքի ներկայացում-քննարկումը, Նաւասարդեան սրահին մէջ։ Ներկայ էր Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Հոգեւոր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան, Հոգեւոր Հովիւ Տէր Շնորհք Քհն. Պաղասարեան, ինչպէս նաեւ Լոնտոնի մէջ գործող հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ձեռնարկի  բացման խօսքը կատարեց Պրն. Հրաչ Պօղոսեանը՝ Համազգային Միութեան ատենապետ։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց գիրքի հեղինակ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի կենսագրութիւնը։

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան համապարբակ ձեւով ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը։ Ան նախ խօսեցաւ գիրքին մէջ տեղ գտած սփիւռքահայ տարբեր գաղութներու իր այցելութիւններու եւ հանդիպումներու տարբեր յօդուածները եւ անոնց միտք բանին։ Ան իր յօդուածներուն մէջէն ներկայացուց սփիւռքահայ տարբեր գաղութները եւ անոնց տարբերութիւնները՝ վեր առնելով այն իրականութիւնը որ սփիւռքը այլազան եւ գունաւոր է եւ իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր իւրայատկութիւնը եւ որոնք կը տարբերին իրարմէ՝ անկախ որ հայկական են։

«Մեր հայկական ինքնութեան եւ մշակոյթին հետ մենք նաեւ իւրացուցինք տեղականը իւրաքանչիւր երկրի մէջ», ըսաւ ան։ « Այս տարբերութիւնները կրնանք ուժի եւ կարողականութեան վերածել եթէ լաւ համադրենք զանոնք։ Սփիւռքը լեցուն է մարդուժով եւ մասնագիտական միտքի եւ փորձառութեամբ օժտուած անհատներով, որոնք եթէ լաւապէս համադրուին կարելի է համահայկական եւ համասփիւռքեան մեր տարբեր օրակարգերուն համար ունենան մեծ ներդրում», ըսան ան։ Դոկտ. Ճէպէճեան ապա խօսեցաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու մասին եւ անհրաժեշտութիւնը զանոնք զօրացնելու։

Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, ընկերալեզուաբան, համալսարանի դասախօս, եւ հատորին խմբագիրը, խօսք առաւ եւ ներկայացուց գիրքը եւ անոր բովանդակութեան արժէքը եւ կարեւորութիւնը ազգային ինքնութեան եւ մայրենիի պահպանման համար։ Ան քաջալերեց ներկաները որ չի զոհեն մայրենին տեղական լեզուին տիրապետելու մարմաչով։

«Ընկերալեզուաբանութիւնը կը քաջալերէ որ մանուկներ-պատանիներ, տիրապետեն եւ ատակ ըլլան քանի մը լեզուներու եւ այս շատ աւելիով կը նպաստէ անոնց մտային կարողականութեան։ Պարտինք որդեգրել դրական կեծուածք՝ հայերէն լեզուին, պատմութեան եւ մշակոյթին հանդէպ, եւ քաջալերել մայրենիի գործածութիւնը տան մէջ», եզրաբակեց Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան։

Գերշ. Տ. Յովակիմ Մանուկեան՝ խօսք առնելով, դրուատեց գիրքին արժէքը, ուր սփիւռքահայ իրականութիւնները ռչ միայն կը ներակայացուին այլ նաեւ կը կամրջուին իրար հետ։ «Այս իմաստով Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան շատ կարեւոր աշխատանք կը տանի սփիւռքահայ տարբեր իրավիճակները ներկայացնելու եւ համադրելու զանոնք իրարու հետ»։

Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան, որ եղած է Հրայր Ճէպէճեանի դասախօսներէն մէկը Հայկազեան համալսարանի մէջ, Պէյրութ, բաժնեկցեցաւ ներկաներուն հետ իր տպաւորութիւններէն Հրայրին ուսանողական տարիներէն։ «Հրայրը միշտ ալ քննական միտք ունեցած է, արթուն, եւ պրպտող», ըսաւ ան։ Դոկտ Հրաչ Գույումճեան ապա խօսեցաւ գիրքին բովանդակութեան մասին եւ վեր առաւ սփիւռքահայ իրականութիւնները եւ անոնց մարտահրաւէրները։ «Ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ բնութագրել ներկայ օրերու սփիւռքահայ անհատը՝ բաւական բարդ իրականութիւն է, մեկնելով իւրաքանչիւր երկրի մէջ ապրող հայուն իրականութիւններէն», ըսաւ ան։

Ձեռնարկը ունեցաւ հարց-պատասխանի բաժին, ուր ներկաները բաժնեկցեցան իրենց կարծիքները եւ մտահոգութիւնները։ Ձեռնարկը աւարտեցաւ Պահպանիչ-աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ  գիրքերու մակագրում եւ հիւրասիրութիւն։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930