ՀՀ դրածոյ իշխանութիւններուն, եւ յատկապէս, իշխանութեան պարագլուխի դատարկախօսութիւնը անցած է բոլոր սահմանները։ ՀՀ վարչապետի աթոռը զբաղցուցած անձնաւորութիւնը՝ բոլոր արժէքներն ու սրբութիւնները ոտնատակ տալով, սուտերով ու խաբէութեամբ, բանսարկութեամբ ու յոխորտանքով կը փորձէ իրականութեան վրայ վարագոյր քաշել եւ ցեխարձակումներով վարկաբեկել ազգային արժէքները։
Յուլիս 12-ին քաղաքացիներուն հանդէպ բիրտ ուժի կիրառումը այլ բան չէր, քան սուտի ու իրենց իշխանութեան երկարաձգման հաստատման անյոյս փորձ։ Ճշմարտութեան համար պայքարը ամրապնդուեցաւ, ու հաստատեց իր վճռականութիւնը, երբ բռնապետական վարչաձեւին կողմէ ժողովուրդին ընդվզումը ուժով ճնշելու փորձին հակառակ՝ կրկնապատկուեցան շարքերը։
Ազգուրաց վարչաձեւը այս անգամ եւս խեղաթիւրեց իրականութիւնը՝ Արցախն ու արցախցիները ներկայացնելով իբրեւ բեռ, ուրանալով տարիներու ջանքերով կերտուած հայ ժողովուրդի միասնութեան առանցքը եւ ՀՀ անվտանգութեան վահանը հանդիսացող Արցախի պետականութիւնն ու յաղթանակներ արձանագրած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը։
Արցախի Հանրապետութեան հայաթափման ողբերգական էջին իրական պատկերն ու ճշմարտութիւնը ՀՀ իշխանութեան պարագլխուն եւ իր մանկլաւիկներուն կողմէ կը ներկայացուի ամբողջութեամբ խեղաթիւրուած։
Ճշմարտութիւնը չի կրնար երկար ժամանակ շղարշապատուիլ, եւ հատուածական մատուցմամբ խեղաթիւրուիլ, իսկ ճշմարտութիւնը արիւնով խեղդելու փորձերու հեղինակներուն հարկ է յիշեցնել, որ արիւն հեղելը, պատմութեան ընթացքին, երբեք անհետեւանք չէ մնացած։
ՀՅԴ Արցախի կեդրոնական կոմիտէ