Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի վերջին նիստերուն ընթացքին իշխող մեծամասնութեան ներկայացուցիչներու հակասահմանադրական, հակապետական նոյնինքն գործող կառավարութեան ուղղութեամբ հակածրագրային ելոյթներն ու այդ յայտարարութիւններուն հիման վրայ առնուած քայլերը երկիրը հասցուցած են անկանխատեսելի հետեւանքներով վտանգուած անորոշ ճակատագիրի եզրին։
Ելքային ուղիներ ցոյց տուող, անցումային կառավարութեան ձեւաւորման համար սահմանադրական միջոցներ առաջարկող եւ միակողմանի զիջումներով ընթացող սահմանազատման գործընթացը կասեցնելու միտուած այլընտրանք առաջարկող բոլոր առողջ ձայները կը խեղդուին մեծամասնական քուէի հարթիչ քլանին տակ։
Իշխանութիւնները ո՛չ մէկ տեսակէտ կը հանդուրժեն հետագայ արհաւիրքները դիմակայելու առումով։ Ընդհակառակը ծանրագոյն մեղադրանքները կը հնչեն ընդդիմութեան հասցէին, զայն ներկայացնելով մեր պետականութեան հասցուած աղէտին հիմնական պատասխանատուն։
Ժողովրդային ցասումը, Տաւուշէն ծայր առած համաժողովրդային հոգեփոխութեամբ պետականութեան անկումի ընթացքը կասեցնելու վճռակամութեան դիրքորոշումները, յայտարարուած պայքարին անտեղիտալութեան եւ աննահանջ երթին զանգուածային դրսեւորումները կը բախին ուժային կառոյցներու եւ յատկապէս ոստիկանութեան հակաօրինական միջոցառումներուն։
Կարդացեք նաև
Սահմանադրական իրենց իրաւունքը գործադրող բազմաթիւ քաղաքացիներ կ՛ենթարկուին բռնութեան, անօրինական բերման ենթարկումներու եւ ձերբակալութիւններու, մինչ փողոցին վրայ կ՛իյնան լրագրողներ, կանայք, պատանիներ ու տարեցներ։
Հայաստանը ժողովրդավարութեան օրրան բնութագրած պետութիւնները լուռ են այս բոլոր անօրինականութիւններուն ի տես։ Մինչ Երեւանի պետական բարձրագոյն ատեաններէն կը շարունակեն հնչել անհիմն մեղադրանքներ, հակասահմանադրական յայտարարութիւններ եւ քաղաքացիներու օրինական պահանջները ճզմելու սպառնալիքներ։
Լիբանանահայութիւնը անտարբեր չէ եւ անձկութեամբ կը հետեւի հայրենի իրադարձութիւններուն։ Լիբանանահայութիւնը, որ ոչինչ խնայած է արցախեան ազատագրումին, հայրենիքի պետականութեան հզօրացման ու կայացման աշխատանքներուն եւ անոր անվտանգութեան երաշխաւորման համար։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ իրաւապահ մարմիններու ուժի անհամաչափ կիրարկումը, գործադրուած վայրագ բռնութիւնը եւ կոչ կ՛ընէ յարգելու քաղաքացիներուն բողոքելու սահմանադրական իրաւունքները։
Մենք համոզուած ենք, որ պայքարի այս համահայկական տարողութիւնը անպայման կը հեռացնէ այս իշխանութիւնները եւ կը վերակերտէ ազգային պետականութիւնը։
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ