Ուրբաթ, 7 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, ընկերակցութեամբ նոյն կուսակցութեան Լիբանանի վարիչ մամինի անդամներուն։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։
Շեշտուեցաւ Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն դիմաց մեր ազգի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։