Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքներու միակողմանի զիջումներուն ու հայութեան հայրենաբնակ ու սփիւռքեան հաւաքականութիւններուն մէջ ստեղծուած երկփեղկումի ու հակադրութիւններու մթնոլորտը հասաւ անհանդուրժելի սահմաններու:
Ի տես հայրենակործան այս ընթացքին եւ կացութիւնը փրկելու համար ծայր առաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը, որ խաղաղ ու ժողովրդավարական քաղաքակիրթ ոճով արտայայտեց իր բողոքն ու ընդդիմութիւնը այս ընթացքին դէմ:
Բողոքի այս ցոյցերուն նկատմամբ Հայաստանի իշխանաւորներու վերաբերումը անցաւ ապատեղեկատուութեան եւ ցեխարձակումներուն արշաւէն հասնելով մինչեւ վայրագ ու բիրտ ճնշումներու արշաւ:
Արդարեւ, միայն երէկ` Երկուշաբթի, 27 Մայիս 2024-ին, Հայաստանի ոստիկանութեան յատուկ ջոկատներ խոշտանգումներու եւ ձերբակալման ենթարկեցին շուրջ 300 քաղաքայիններ, խաղաղ ցուցարարներ, եւ նոյնիսկ` պատահական անցորդներ:
Կարդացեք նաև
Խոշտանգումներու եւ ձերբակալութիւններու արշաւը չխնայեց նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի անդամները, որոնցմէ վերջինը հանդիսացաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ ընկեր Աշոտ Սիմոնեանը: Ոստիկանական նոյն ջոկատները փորձեցին ներխուժել Երեւանի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Հայաստանի Սահմանադրութեան ու օրէնսդրութեան այս բիրտ խախտումները, որոնք նաեւ մարդկային ու ժողովրդավարական տարրական իրաւունքներուն կոպտագոյն անտեսումը կը հանդիսանան:
Իշխանութիւններու գլխուն գտնուող Նիկոլ Փաշինեանն ու իր կամակատարները պատասխանատու են Հայաստանի սահմանադրական եւ օրինական կարգն ու քաղաքական կուսակցութիւններու եւ քաղաքացիներու տարրական իրաւունքները խախտող այս արարքներուն:
Հայրենի հողատարածքներու շերտ առ շերտ զիջումի, պետական կառոյցներու քայքայման եւ պետականութեան հիմքերու խարխլման վրայ աւելցող այս յանցագործութիւնները անպատիժ չեն կրնար մնալ հայաստանեան օրէնսդրութեան իսկ բերմամբ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ այդ թրքաբարոյ արարքներու թիրախ դարձած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին եւ հայրենի ժողովուրդի զանգուածներուն, ի մասնաւորի` ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցի մեր ընկերներուն:
Վստահ ենք, որ յիշեալ շարժումի հայրենասէր զանգուածին ու ՀՅ Դաշնակցութեան երթը այսպիսի արարքներով կարելի չէ կասեցնել:
Հայրենաբնակ ժողովուրդին Սրբազան պայքարը անպայման իր յաղթական աւարտը պիտի ունենայ:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ