Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Յետոյ բացուեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» էջը, որ սկզբնական բարեյոյս հովերէն ետք, սկսաւ աղէտներ կուտակել Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի ճիտին. «Ասպարեզ»

Մայիս 29,2024 11:11

Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, ապրած ենք աւելի քան 32 տարիներու տաք-պաղ պատմութիւն: Հայաստան ինքզինք հռչակեց ուղղակի ժառանգորդը անդրանիկ հանրապետութեան ու անկէ ժառանգ ձգուած (ծանօթ կրճատումներու ենթարկուած) Խորհրդային Հայաստանին: Հանրապետութեան կեանքի առաջին տարիները եղան խռովայոյզ ու արիւնալի պատերազմներով ծանրացած: Խորքին մէջ, Արցախեան շարժումին, այսինքն՝ Արցախը Ատրպէյճանի ուղղակի կամ անուղղակի հովանաւորութենէն դուրս բերելու պահանջը հիմնական դեր ունեցաւ Հայաստանը վերանկախացնելու երթին մէջ: Այդ փուլին, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը դրուեցաւ բաւական ամուր հիմերու վրայ՝ ներքին-ազգային իմաստով, իսկ միջազգային բեմին վրայ, ահագին ճիգ ի գործ դրուեցաւ եւ յաջողութիւններ արձանագրուեցան Արցախի ինքնորոշման ու իբրեւ անկախ միաւոր ճանաչման ճամբուն վրայ (Մինսքի խմբակ, միջազգային ժողովներ ու պայմանագիրներ եւ այլն):

Մէկ խօսքով, անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն, 1919ի Մայիսին Ազգային ժողովին մէջ ծնունդ առած ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի իրականացման ճամբուն վրայ առնուեցան ԻՐԱԿԱՆ քայլեր: Հայաստանի իրողական տարածքը 29 հազարէն հասաւ շուրջ 42 հազարի: Ձեռքբերումները ամրապնդուեցան թէ՛ զինուորական եւ թէ քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզներու մէջ:

Յետոյ… բացուեցաւ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» էջը, որ սկզբնական բարեյոյս հովերէն ետք, սկսաւ աղէտներ կուտակել Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի ճիտին:

Աւելորդ է այստեղ երկար կանգ առնել արդէն 6 տարուան պատմութիւն կերտած (կամ պատմութիւն եղծանող-քանդող) վարչախումբին ձախորդութիւններուն առջեւ, որոնք կը տարածուին գրեթէ ամէն բնագաւառի վրայ, սկսելով Արցախի կորուստէն, բանակին քայքայումէն, դիւանագիտութեան սնանկացումէն, տնտեսութեան նահանջներէն, հասնելով ազգի մասնատման, ներհայկական թշնամանքի խորացման եւ «ծաղկումին»:

28 Մայիսին ծնած ազատ, անկախ Հայաստանէն մեզի ժառանգ հասած (հոգ չէ թէ սահմանափակ) հարստութիւններն անգամ քայլ առ քայլ կը մսխուին: Խօսքը չի վերաբերիր միայն կրթական ու հայկական դիմագիծի պահպանման աւանդներուն, այլ նոյնինքն ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ վախճանական ծրագիրին, այդ տեսլականին տրուած ծանր հարուածներուն, որոնք կը սպառնան անդառնալի (գոնէ նախատեսելի ժամանակի մը համար) պատուհասներ պատճառել մեր հայրենիքին ու Դատին:

Իրերայաջորդ ձախաւերութիւններու շարքը թագադրումի մը հասաւ նախ՝ Արցախը Ատրպէյճանին նուիրաբերելով, ապա նաեւ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիմամբ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիր հետապնդելու, եւ այդ ճամբուն վրայ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծումի «խիզախութեամբ»: Առանց երկար-բարակ բացատրութիւններու եւ մեկնաբանութիւններու մէջ մտնելու, հաստատուած ու բազմիցս կրկնուած է, որ այդ հռչակագիրը ո՛չ մէկ բառ ունի ստորագրողներուն երկիրներուն սահմաններուն ու վիճելի հարցերուն տնօրինման ծառայող (անոնք որ ծանօթ չեն բնագիրին, կրնան կարդալ հետեւեալ կապով)։ Այս հռչակագիրը ո՛չ մէկ աղերս ունի Երեւանի իշխանութիւններուն հռչակած՝ խաղաղութեան ուղիին, սահմանագծումի ստաբանութիւններուն հետ: Այլ խօսքով, Երեւանի իշխանութիւնը ո՛չ միայն անյարակից, հետեւաբար իրաւական հիմէ զուրկ տարազի մը ճամբով կը փորձէ իրականացնել սահմանագծումը, այլ փաստօրէն «ջուրը կը ձգէ» բոլոր այն իրագործումները, որոնք ձեռք բերուած են Սան Սթեֆանոյէն ասդին, ուղղակի կը հակադրուի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆի ժառանգութեան: Տեղ մը հայը իրաւունք ունի մտածելու, թէ այս իշխանութիւնը նման քայլերով թուրք-ատրպէյճանցիին գործակատարութեա՞ն լծուած է, թէ՞ միաժամանակ դարձած է հլու կամակատարը Արեւմուտքի քաջալերանքը վայելող վարքագիծին, որովհետեւ աւելի քան բացայայտ է, որ այս ճամբան կրնայ Հայաստանը հասցնել հողահաւաքի երթին շրջման եւ պետականութեան կորուստի: Այս առումով, տարիներէ ի վեր ահազանգ ահազանգի կը յաջորդեն…

ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Պահ մը կանգ առնենք անդրանիկ հանրապետութեան օրերէն մեզի ժառանգ հասած՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆին իմաստին ու ռազմավարական նշանակութեան առջեւ, առանձնացնելով քանի մը գիծ:

Հայկական հողերու մէկ պետութեան, ազատ ու անկախ հայրենիքի մը ծածկին տակ ապահովելու պատգամը երկար բացատրութեան չի կարօտիր, սակայն փորձենք քիչ մը խորանալ անոր ծալքերուն մէջ, որոնք մօտիկ անցեալի կամ ներկայ օրերու յորձանուտներուն մէջ քշուած են լուսանցքի վրայ:

Թէ՛ այդ հռչակագիրը ստորագրողները եւ թէ Ուիլսընեան քարտէսին գոյառման ի խնդիր գործողները խորապէս գիտակցած էին այն ճշմարտութեան, թէ Հայաստան եւ հայութիւնը, գոյատեւելու եւ բարօր կեանք ստեղծելու համար կը կարօտին հողային նուազագոյն տարածքի եւ մասնաւորաբար ԾՈՎՈՒ ՎՐԱՅ ԵԼՔի: Երբ աչքի առջեւ կը բերենք Ուիլսընեան սահմաններով Հայաստանը, կը տեսնենք, որ հոն կայ Սեւ ծովուն վրայ տարածք մը, որ կոչուած է ըլլալու Հայաստանի դուռը՝ դէպի արտաքին աշխարհ: Անշուշտ կայ նաեւ երկրին աւելի լայն տարածք ապահովելու դիտաւորութիւնը՝ իբրեւ նախապայման ԱՊՐՈՂ ԵՐԿԻՐ ունենալու (մասնաւորապէս երկրագործութեան աւելի լայն հնարաւորութեամբ, ջուրի աւելի առատ աղբիւրներով): Այս գիտակցութիւնը անդրանիկ հանրապետութեան անկումէն ետք վառ մնացած է իրաւատէր սերունդին մէջ, որուն ներկայացուցիչները, իբրեւ կորուսեալ հանրապետութեան ժառանգորդները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան հանգամանքով, տասնամեակներ շարունակ մեր Դատը հետապնդած են մասնաւորապէս եւրոպական ոստաններու մէջ (մեզ չեն հետաքրքրեր անոնք, որոնք այսօր կը խծբծեն Սեւրն ու Հայաստանի պատուիրակութեան տարած աշխատանքին ապարդիւն մնալը):

Հարց տանք մենք մեզի. ինչո՞ւ համար Հայաստանի տարածքին կրճատումը վնասարար է (անկախ նիւթական՝ հողի կորուստի երեսէն) բազմաթիւ նկատառումներով: Եւ դեռ նկատի չունինք այն պարզ իրականութիւնը, որ երբ կը խօսինք հողային տարածքի, երկրի սահմաններուն ընդարձակման մասին՝ դիտաւորութիւն չունինք ուրիշէն հող խլելու, այլ պարզապէս մերը եղածը մեզի վերադարձնելու մասին…

Մեր հետապնդելիքը «խաղաղութեան դարաշրջան»ի սնամէջ պատրանք չէ, այլ 28 Մայիսի Հայաստանով իրականութիւն դարձած պատգամներու եւ ժառանգութիւններու տիրութիւն՝ մեր արդար եւ անվիճելի իրաւունքներուն իրագործումը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031