Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար Արցախը անցեալ չէ, այլ ներկայ է ու ապագայ»

Մայիս 28,2024 13:18

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 106-ԱՄԵԱԿԻ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ ու հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 25 Մայիս 2024-ին, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք (Գոհաբանական Աղօթք) եւ Հայաստանի դրօշի օրհնութիւն՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման 106-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ՝ հոգեհանգստեան պաշտօն անկախութիւնը կերտելու ճամբուն վրայ նահատակուած մեր քաջարի հերոսներու հոգիներուն համար։

Արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները, որոնց շարքին էին Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Ժողովի անդամները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, հայրենիքէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախի մեկուսի շրջանի սկաուտները եւ Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, ուղղուեցան Վեհարանի դահլիճ, ուր գեղարուեստական յայտագիրով մը նշուեցաւ անկախութեան գլխաւոր կերտիչին՝ Արամ Մանուկեանի անունը կրող Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին անուանակոչութիւնը եւ հնչեց Հայրապետին պատգամը։՚

Արդարեւ, Ս. Պատարագի ընթացքին, յաւուր պատշաճի իր քարոզին մէջ Թորգոմ սրբազան կեդրոնացաւ յոյսին կարեւորութեան վրայ՝ թուելով հայոց պատմութեան վերիվայրումներու ընթացքին յոյսը չկորսնցնելու արժանիքը հայ ազգին։ Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր անհատ, երկինքէն երկիր ձգուած յոյսի թելին կառչած ըլլալով՝ լաւատեսութեամբ կը նայի կեանքին, որովհետեւ յոյս տուողը Աստուած ինքն է եւ «յոյսը ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5)։ Անդրադառնալով Մայիս 28-ին, ան նշեց, որ 1918 թուականը հայ ժողովուրդի ներքին յոյզերուն ու յոյսերուն կենդանացման նոր թուական մը դարձաւ, իսկ այդ թուականէն 50 տարիներ ետք, 1968-ին, նո՛յն այս Մայրավանքին մէջ եւ նո՛յն այս Ս. Խորանին վրայ, Վեհափառ Կաթողիկոսը ստացաւ քահանայական իր օծումը եւ դարձաւ Արամ աբեղայ. աւելի՛ն, ա՛ն եւս նոր զարթօնք բերաւ մեր Ս. Աթոռին՝ իր ծառայական եւ առաջնորդական նուիրումով։ Վկայակոչելով Եղիա մարգարէի եւ անոր աշակերտ ու հոգեզաւակ Եղիսէ մարգարէի պատմութիւնը, ուր վերջինս երեք անգամ կը հաստատէ Եղիա մարգարէին կողքին ըլլալու իր վճռակամութիւնը՝ այնքան ատեն, որ մարգարէն ողջ է ու Աստուած կայ, Թորգոմ արքեպիսկոպոս, յանուն Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութեան եւ հաւատացեալոց, վերանորոգեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողքին կանգնելու վճռակամութիւնը։ Քարոզի աւարտին, Հայրապետին անուանակոչութեան առիթով, սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ Կաթողիկոսին արեւշատութեան եւ երկար ծառայութեան ու գահակալութեան համար։

Ս. Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի սաներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիր մը։ Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, իրենց ձեռքին ունենալով եռագոյն դրօշ ու ձեռային աշխատանքներ, Մայիս 28-ի շունչով զարդարեցին դահլիճը։

Այդտեղ, Դպրեվանքի սաները, իրենց գեղեցիկ երգեցողութեամբ եւ արտասնութեամբ, վերակոչեցին Մայիսեան ոգին։ Դպրեվանեցիներուն անունով ուղերձ արտասանեց Գ. Ընծայարանէն Բարեշնորհ Վարդան Սարկաւագ Ասայեան։ Ան ըսաւ, որ թագաւորութիւն կորսնցուցած, բռնատիրութեան տակ ապրած ու, աւելի՛ն, Ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդի մը անկախութիւն կերտելը կ՚ապացուցէ ազգին ազատատենչ ու անկոտրում կամքն ու անսասան հաւատքը։ Այս իմաստով ան յիշեցուց «սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից» բառերուն խորհուրդը։ Դպրեվանեցի սարկաւագը նաեւ անդրադարձաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան առիթին եւ ընդգծեց Արամ Մանուկեանի նման իրաւապահանջի կազմուածքը Հայրապետին։ Ան դիտել տուաւ, որ Նորին Սրբութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարձուցած է հայութեան համախմբումի կեդրոն եւ միջազգային յարաբերութիւններու լուսաւոր փարոս։ Վերջապէս, բոլորին անունով ան բարեմաղթանքներով շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան անուանակոչութեան տօնը։

Ապա, դահլիճ մուտք գործեցին Արցախէն ժամանած խումբ մը Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներ եւ Հայրապետին յանձնեցին Արցախի դրօշը՝ ըսելով. «Վեհափառ Տէ՛ր, այս դրօշը, որ Արցախէն բերած ենք, կը փափաքինք Ձեզի փոխանցել՝ այն յոյսով, որ մօտիկ ապագային, Ձեր ձեռքով, զայն կը ծածանեցնէք Արցախի մէջ»։

Հուսկ, Նորին Ս. Օծութիւնը ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը։ Ան ըսաւ, որ պատմութիւնը կը վկայէ, որ ազգեր կ՚անմահանան իրենց արժէքներով ու իտէալներով, իսկ անկախութիւնը ազգի մը գերագոյն եւ սրբազան արժէքն է։ Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը, իր ծագումէն ի վեր, ազատատենչ եղած է եւ միշտ ալ պայքարած է վասն անկախութեան։ «Անկախութեան ոգին, տեսիլքը եւ մանաւա՛նդ անկախութիւն իրագործելու հաւաքական նուիրումն ու վճռակամութիւնը, հայոց պատմութեան մէջ եղած է տիրական եւ առանցքային ներկայութիւն» ըսելով ակնարկեց, որ պարտութիւններ կրելով հանդերձ՝ միշտ վառ մնացած է հայրենիքը վերակերտելու հայ ժողովուրդի կամքը։

Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց պատմութեան դառնալու եւ անկէ բխած պատգամին ականջալուր ըլլալու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ պատմութեան ոգին մեր հաւաքական եւ անհատական կեանքին մէջ ապրիլ։ Ան ընդգծեց, որ Մայիս 28-ն սոսկ ամեակ մը չէ, այլ մեր պատմութեան բոլոր ժամանակներուն ամէնօրեայ պատգամ է. «փաստօրէն, այսօր մեր ժողովուրդը շրջապատուած է ահաւոր տագնապներով եւ լուրջ մարտահրաւէրներով։ Հայաստանի ապագան այսօր հարցականի տակ է։ Հայաստանի գոյութիւնը վտանգուած է։ Որեւէ ժամանակէ աւելի այսօ՛ր կոչուած ենք Հայաստանի անկախութիւնը հզօրացնելու՝ Հայաստանի ամբողջականութիւնը պահելով ամուր, անվտանգութիւնը՝ հզօր, եւ մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը՝ աւելի ամրապնդուած»։ Հայրապետը ընդգծեց, որ բաւարար չէ անկախութիւն ունենալ, պէտք է զայն պահել եւ այդ կ՚ենթադրէ հաւաքական հաւատք, նուիրում ու պայքար։

Իր պատգամը ուղղելով հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Սա պահուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայրէն պատգամ մը կ՚ուղղեմ հայրենի մեր ժողովուրդին։ Ճի՛շդ է, Հայաստանի անկախութեան հզօրացումը իւրաքանչի՛ւր հայուն պարտքն է, ամէ՛ն տեղ, սակայն առաջին հերթին հայրենի մեր ժողովուրդին պարտքն է։ Սփիւռքի մէջ, երբ Հայաստանի անկախութիւնը դարձաւ պատմութիւն, մենք եռագոյն դրօշին տէ՛ր դարձանք, որովհետեւ եռագոյնին մէջ տեսանք մեր անկախութեան ոգին եւ անկախութեան հաւատարիմ ըլլալու մեր կամքը մնաց ամուր։ Սովորական դրօշ չեղաւ մեզի համար եռագոյնը, այլ ուզեցինք անոր պատկերով, հաւատքով, ոգիով, տեսլականով ու երազով տեսնել ազատ-անկախ Հայաստանը։ Հետեւաբար, կը կրկնեմ, ճակատագրական օրեր եւ ժամանակներ ապրող Հայաստանը՝ ի՛ր ժողովուրդով, եւ Սփիւռքը եւ մեր համայն ազգը, կոչուած է ամուր պահել Հայաստանի անկախութիւնը՝ ինչ որ մենք ժառանգեցինք մեր պապերէն։ Հայաստանի անկախութիւնը, որպէս սրբազան արժէք, պէտք է մնայ ամո՛ւր եւ ամբողջակա՛ն»։

Շարունակելով իր խօսքը եւ ակնարկելով Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած արցախցի սկաուտներուն՝ Հայրապետը ըսաւ, որ այս պատանիներուն մէջ ո՛չ թէ կը տեսնէ կորսուած Արցախը, այլ՝ վաղուան Արցախը՝ անգամ մը եւս շեշտելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար Արցախը անցեալ չէ, այլ ներկայ է ու ապագայ։ Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց, որ Արցախը պիտի շարունակէ մնալ հայութեան համար սրբազան արժէք ունեցող հող եւ հայրենիք. «այս պատանիներուն ներկայութիւնը մեզ կը մղէ վերահաստատելու մեր ամբողջական հաւատարմութիւնը ու նաեւ հաւաքական պայքարը՝ պահելով Արցախը ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ պաշտպանելով Արցախի իրաւունքերը, որպէսզի արցախահայութիւնը պայծառ օր մը վերադառնայ հայրենիք՝ Արցախ, իսկ մենք կարենանք Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութիւնը, իր ամբողջութեանը մէջ պահել ամուր՝ մեր ազգի փառքին եւ մեր ժողովուրդի պայծառ ապագայի համար» եզրափակեց Հայրապետը իր պատգամը։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով եւ Հայրապետական Մաղթերգի միաբերան երգեցողութեամբ։

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսություն

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031