Արդէն ամիս մըն է որ «Արտասահմանեան գործակալներ»-ու օրինագիծը վրացական ժողովրդային բուռն ընդդիմութեան կը բախի։ Սակայն, երրորդ անգամ ըլլալով խորհրդարանը կողմ քուէարկեց ընդդիմութեան կողմէ «ռուսական օրէնք» որակուած այս օրինագիծին։ Եւրոպական Միութիւնը որ Վրաստանը, Ուքրանիան եւ Մոլտովան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու հռչակած էր, զգուշացուցած է, որ այս օրինագիծի ընդունման պարագային Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դռները կը գոցուին Վրաստանի առջեւ։ Սակայն, հակառակ այս զգուշացումին Վրաստանի խորհրդարանը չէ հրաժարած խնդրոյ առարկայ օրինագիծը վաւերացնելէ։ Բանն ինչո՞ւմն է։
Ռուսաստանի հետ տնտեսական գործակցութիւնը էական գործօն է դանդաղեցնելու Վրաստանի՝ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցումը, զոր կը փափաքին Եւրոպական Միութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը աւելի մեկուսացնելու համար։ Սակայն, Վրաստան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, ուղղակի սահմանակից է Ռուսաստանին։ Վրացական տնտեսութիւնը էապէս կախեալ է Ռուսաստանէն։ «Վրացական երազ» կուսակցութիւնը իշխանութեան գլուխ եկաւ 2012ին Ռուսաստանի հետ լարուած, չըսելու համար թշնամական յարաբերութիւնները մեղմացնելու քաղաքականութիւն վարելու հեռանկարով, երբ 2008ի պատերազմը Վրաստանին մեծ վնասներ պատճառած էր, ռազմական, հողային ամբողջականութեան եւ տնտեսական առումներով։ Ռուսաստան-Ուքրանիա պատերազմին բերումով, ռուս գաղթականները մեծ ներդրում ունեցան Վրաստանի տնտեսութեան բարելաւման մէջ։ Ռուսական զբօսաշրջութիւնը եւ Ռուսաստան հաստատուած վրացիներու դրամական առաքումները տակաւին մեծ կշիռ ունին Վրաստանի տնտեսութեան մէջ։
Սակայն, տնտեսական ազդակներէն անդին կան նաեւ Ռուսաստանը չվշտացնելու ռազմավարական նկատառումներ Վրաստանի քաղաքական շրջանակներու հաշիւներուն մէջ։ Ո՞վ գիտէ թէ ի՞նչ վախճան պիտի ունենայ ռուս-ուքրանական պատերազմը։ Վրաստան դեռ կը յիշէ 2008ի ռուս-վրացական պատերազմին հետեւանքները։ Ի՞նչ պաշտպանութիւն կրնայ Արեւմուտքը մատուցել Վրաստանին ռուսական յարձակումի պարագային։ Ռուս-վրացական խաղաղ յարաբերութիւնները մօտէն կը շահագրգռեն Հայաստանը, որուն կապը թէ՛ Ռուսաստանի թէ՛ ալ Արեւմուտքի հետ, կ՛անցնի Վրաստանէն։
Ժ.Չ.
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Նոր յառաջ» թերթի այս համարում