Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի եւ հայութեան հակասութիւնները կարգաւորելու փոխարէն, մենք կը ձգտինք բարեկամական յարաբերութիւններ եւ դաշինքներ զարգացնել հեռաւոր Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ․ «Ասպարեզ»

Մայիս 22,2024 10:25

Հայաստան եւ Սփիւռք գոյութենական անդունդի եզրին կը գտնուին։ Ներքին պառակտումները Հայաստանի մէջ, Սփիւռքի մէջ եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ, ա՛լ աւելի կը վատթարացնեն անդունդին սպառնալիքը:

Համաշխարհային հետաքրքրութիւնը հեռաւոր եւ հանքանիւթերով աղքատ Հայաստանի նկատմամբ, լաւագոյն պարագային, սահմանափակ է: Նոյնիսկ ցեղասպանութեան վտանգը կամ անոր գործադրումը լուրջ հետաքրքրութիւն չի կրնար արծարծել՝ վկայ Կազայի մէջ գործադրուող ցեղասպանութիւնը: Եթէ մենք՝ հայերս, չկարենանք դիմակայել մարտահրաւէրները, ուրիշ երկիրներ պիտի չ՛օգնեն:

Հիմնական սպառնալիքները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է համախմբուիլ նուազագոյն ընդհանուր յայտարարի (minimum common denominator) մը շուրջ եւ մշակել նուազագոյն գործնական ծրագիր մը։ Որո՞նք են ամէնէն կարեւոր գոյութենական սպառնալիքները, եւ նուազագոյն ընդհանուր յայտարարը ի՞նչ տարրեր պէտք է ներառէ:

Անմիջական սահմանային խոցելիութիւններէ անդին, առաջնային գոյութենական սպառնալիքը Հայաստանի մեկուսացումն է տարածաշրջանէն եւ իր դրացիներէն։ Հայաստանը ունի հակամարտող, հակառակորդ յարաբերութիւններ Ատրպէյճանի (թիւ 1 թշնամի), Թուրքիոյ (թիւ 2 թշնամի) եւ Ռուսիոյ հետ։ Վրաստանի հետ Հայաստանը ունի սառն, եթէ ոչ ոչ-բարեկամական յարաբերութիւններ։ Իսկ Իրանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները Արեւմուտքին կողմէ կը դիտուին իբրեւ անցանկալի:

Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի եւ հայութեան հակասութիւնները կարգաւորելու փոխարէն, մենք կը ձգտինք բարեկամական յարաբերութիւններ եւ դաշինքներ զարգացնել հեռաւոր Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, հակառակ անոնց բացայայտ զգուշացումներուն, որ իրենք Հայաստանի փրկութիւնը չեն կրնար ապահովել։

Անկախ կորուստի նպաստող պատճառներէն, յատկապէս՝ Ատրպէյճանի անզիջողականութիւնը եւ պատերազմ դիմակալելու մեր կողմի անպատրաստութիւնը կամ փոխզիջումներու համաձայնիլը, ինչպէ՞ս պէտք է արձագանգենք Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած Արցախի ցեղային զտումին եւ ցեղասպանութեան։ Կարելի՞ է կորուստը շրջել: Կրնա՞նք հետապնդել Ալիեւը եւ գործակիցները միջազգային դատարաններու (օրինակ՝ Միջազգային քրէական դատարանէն, ICC) մէջ: Ի՞նչ հեղինակութիւն կ՛ունենայ այդ գործընթացը, եթէ Հայաստանի պետութիւնը հարցէն դուրս մնայ: Վերադարձի իրաւունքի հետապնդումը ի՞նչ կրնայ իրագործել, ի՞նչ պայմաններու տակ, ո՞ւր պէտք է հետապնդել հարցը։ Ի՞նչ պէտք է ըլլան այսպիսի գործընթացներու նպատակները: Կա՞ն այլընտրանքային պահանջներ-լուծումներ, որոնք Ատրպէյճան կ՛ընդունի կիրարկել: Ատրպէյճանի հետ առճակատումները եւ մշտական թշնամութիւնը ի՞նչ հետեւանք պիտի ունենայ։ Ազրպէյճան կրնա՞յ է փոխել իր կեցուածքը։ Դժուար է պատասխանել այս հարցումներուն, Թերեւս անկարելի՛։ Բայց պէտք է քննել այս հարցերը։

Հրայր ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031