«Հայրենիք» – Անցեալ շաբթուան ընթացքին, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի զանազան քաղաքներու մէջ, տեղի ունեցան հաւաք եւ հսկում՝ ի զօրակցութիւն «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին։
Յիշատակելի էր Ուաշինկթընի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կազմակեպած՝ զօրակցական հաւաքին ընկերուհի Մեղրի Ակիլեանի ուղերձը։ Ստորեւ, խօսքը ամբողջութեամբ․
«Մենք մեր ընտրութեամբ հայ չենք ծնիր, բայց հա՛յ մնալը, եւ հայ ազգի հոգերով ապրիլը՝ մեր ընտրութիւնն է: Հայ մնալ կը նշանակէ անդադար պայքարիլ յանուն մեր իրաւունքներուն եւ ընդդէմ հայ ազգի հանդէպ եղած անարդարութիւններուն: Հայօրէ՛ն ապրելու ընտրութիւնը եւ պայքարի կանչն է, որ այսօր մեզի միաւորած է, մեր զօրակցութիւնը յայտնելու Տաւուշի մեր հայրենակիցներուն:
Հայաստանի այսօրուայ իշխանութիւնը համաձայնած է, Ատրպէճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու համար, Ատրպէճանին յանձնել Տավուշի մարզի 4 գիւղեր: Տաւուշի մեր ամուր դիրքերը թշնամիին զիջելու այս գործողութիւնը ապօրինի է եւ դաւաճանութիւն է մեր ազգի նկատմամբ: Իշխանութիւնը հայ ժողովուրդին կը փորձէ համոզել, որ եթէ այդ գիւղերը չյանձնեն՝ նոր պատերազմ կը սկսի: Ժողովուրդին սարսափի մէջ պահելով, իշխանութիւնը կ՛ուզէ իր դաւաճանական գործերը աւարտին հասցնել: Յիշենք անցեալ Սեպտեմբերին, երբ արիւնարբու ազերիները շրջափակուած Արցախի մէջ հայեր կը կոտորէին, Հայաստանի դաւաճան իշխանութիւնը կը յայտարարէր աշխարհին, թէ Արցախի հայերուն վտանգ չի սպառնար: Հայաստանի իշխանութիւնը չի վարանիր մեր պատմական Արցախը ճանչնալու` որպէս ատրպէյճանական հող, ինչպէս նաեւ ուրանալ հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ կասկածի տակ առնել այդ պատմական ճշմարտութիւնը։
Կարդացեք նաև
Իշխանութեան այս դաւաճանական ընթացքը կասեցնելու նպատակով, Տաւուշի թեմի առաջնորդ սրբազան Բագրատ Գալստանեանը, Մայիս 4-ին Տաւուշի հայորդիներով քայլերթ մը մեկնարկեց դէպի Երեւան: Երթի շարքերը օրէ-օր կը խտանան հայրենասէր հայերով: Անոնք կը գիտակցին, որ մեր թշնամիները պիտի չբաւարարուին միայն Տավուշի գիւղերով: Ատրպէճանի ախորժակը շատ մեծ է: Սահմանի իր դիրքերը բարելաւելու համար, անդադար պատերազմի սպառնալիքով, Ատրպէճանը նորանոր հողեր պիտի պահանջէ: Ատրպէճանը ինքնակամ պիտի չհեռանայ Սիւնիքի եւ Վայքի իր ներխուժած դիրքերէն։ Ատրպէճանը առանց վարանելու կը յայտարարէ, թէ Հայաստանի արեւելքը՝ արեւմտեան Ատրպէճան է: Մեր թշնամիները՝ Ատրպէճանը եւ Թուրքիան խաղաղութիւն չե՛ն ուզեր: Անոնք ունին միասնական մեծ նպատակ եւ երազ՝ իրականացնել համաթրքական իրենց ծրագիրները մեր հողերու հաշւոյն, վերջնականապէս կործանելով Հայաստանը եւ մեր պետութիւնը:
Մենք դէմ ենք Հայաստանի իշխանութեան այս որոշումներուն, որոնք կը ծառայեն միա՛յն մեր թշնամիներուն շահերը։
Յարգելի ներկաներ, եթէ մենք միասնական ՝ Հայաստան եւ սփիւռք չկասեցնենք Հայաստանի իշխանութեան դաւաճանական քայլերը, մենք գալիք սերունդներուն պիտի չկարենանք ժառանգել հայրենիք։
Մենք այսօր հաւաքուած ենք մեր ձայները լսելի դարձնելու, եւ մեր ամբողջական եւ միասնական զօրակցութիւնը յայտնելու Բագրատ սրբազանի սկսած շարժումին: Բագրատ սրբազանը որպէս հոգեւոր հովիւ՝ իր ժողովուրդին եւ այս շարժումին գլուխն է։ Անոր պայքարը իշխանութեան հասնելու պայքար չէ, այլ ինչպէս ինք անդադար կը շեշտէ՝ պայքար է յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան։ Ան վեհանձնօրէն կը գլխաւորէ մեր ժողովուրդի պայքարը յանուն մեր հայրենիքի գոյատեւութեան։
Խօսքս կ՛աւարտեմ Բագրատ սրբազանի Մայիս 6-ի քայլերթի օրը, ժողովուրդին ուղած պատգամէն բաժին մը մէջբերելով. «Սա պիտի դառնայ մեր յաւերժակա՜ն երթի սկիզբը: Հայաստանը յաւերժագնա՜ց ճշմարտութիւն է: Հայաստանը ունի մէկ արժէ՛ք, բարձրագո՛յն արժէք՝ դա իր յաւերժութի՛ւնն է»։