Յիշեցէ՛ք, որ պատմութեան ընթացքին եղած են բռնակալներ եւ մարդասպաններ, եւ որոշ ժամանակ անոնք անպարտելի նկատուած են: Բայց անոնք միշտ ալ ի վերջոյ տապալած են։ Մի՛շտ»:
Մահաթմա Կանտի (1869-1948, Հնդկաստանի պատմական ղեկավարը)
Կանտիի յիշեալ խօսքերը երկար մեկնաբանութեան չեն կարօտիր, ո՛չ ալ նկատի ունին այս կամ այն երկիրը։ Կանտին յիշեցինք, որովհետեւ վերջերս բաղդատականներ կ՛ըլլան Հնդկաստանի այդ հռչակաւոր ղեկավարին եւ Տաւուշի հրաշաձօն Առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի միջեւ։
Եթէ ուղղակի իր կարծիքը հարցնէինք, Բագրատ Սրբազանը հաւանաբար այս բաղդատականները կատարողներուն ամենայն պարզութեամբ եւ յստակութեամբ պիտի բացատրէր, որ անտեղի է նմանօրինակ եզրակացութիւններու կամ վերլուծումներու երթալը։
Սակայն տեղին է բաղդատական մը ընելը՝ այս անզէն հոգեւորականին եւ Հնդկաստանի ղեկավարին միջեւ, որ առանց բիրտ ուժի դիմելու յեղաշրջեց իր հայրենիքին պատմութիւնը։
Գամերը իրենց տեղը տեղադրող մէջբերումներով, հանդարտ գործալաձեւով եւ սրտբաց մօտեցումով՝ Սրբազանը ստեղծած է թափանցիկութիւն մը, ուղի մը, որ իւրայատուկ է։
Կարդացեք նաև
Զարմանալի չէ, որ Երեւանի իշխանաւորներուն հակաքարոզչական մեքենան, խորապէս մտահոգուած՝ Սրբազանին ստեղծած իրավիճակէն, դարձեալ կը փորձէ հինի եւ նորի կամ սեւի ու սպիտակի մաշած ձայնապնակները հրապարակ բերել, զանոնք «զարդարելով» նոյնինքն Սրբազանին անձը թիրախաւորող անհիմն եւ յերիւրածոյ մեղադրանքներով։ Սրբազանին եւ անոր բարձրացուցած դրօշին տակ համախմբուողներուն համար յստակ է, թէ հիները արդէն իսկ հինցած են, նորերն ալ նո՛յնքան հինցած ու մաշած, մինչեւ իսկ գերազանցած՝ «հիներուն» բոլոր խարդաւանանքները: Ան բազմիցս բեմահարթակէն հնչեցուց, թէ սեւ եւ սպիտակ չկայ այլեւս, այլ միայն ու միայն եռագոյն դրօշը՝ կարմիրը, կապոյտն ու նարնջագոյնը։
Ժողովուրդին հետ հետեւողականօրէն հաղորդակցութեան մէջ է: Արտայայտած գաղափարները պարզ են եւ անմիջական, հաղորդական։ Իրեն համար, ինչպէս՝ հայրենիքով բոլոր մտահոգներուն, ահազանգային է կացութիւնը: Ան շատ բան կը բացատրէ ժողովուրդին, մասնաւորաբար՝ վահաններով պաշտպանուած եւ իրենց իշխանաւորներուն նստատեղիներն ու բնակարանները պաշտպանած ոստիկաններուն՝ ամենայն հանդարտութեամբ կը բացատրէ, թէ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ կարիք չկայ նմանօրինակ կացութիւններ ստեղծելու։ Ընդհակառակը, անոնք պաշտպանական դիրքեր պէտք է ունենան սահմանամերձ ճակատներու վրայ, հոն՝ ուր վտանգուած են իսկական սահմանները։
Պելճիքացի բանաստեղծ-երգիչ Ժագ Պրէլ, իր հանրածանօթ երգերէն մէկուն մէջ․- «Տեսնել ընկերոջ մը լացը» («Voir un ami pleurer»,) իմաստուն խօսք մը ունի․ «Մենք կը կարծենք, որ պատրոյգ ենք, մինչդեռ մենք պարզապէս ճարպ ենք»։
Ճարպը ներկայ իշխանութիւնն է՝ իր մանկալաւիկներով, իսկ պատրոյգը՝ Սրբազանն ու իր ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ, որ պիտի լուսաւորէ հայրենի մթագնած երկնակամարը։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում