Ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը եզակի արժէքներ են, որոնց շուրջ կարելի է համախմբել ամբողջ հայութիւնը։ Ինքնիշխանութեան մասին կեղծ պատմութիւններ կառուցելը, յատկապէս ազգը պառակտող անհիմն պատումներով, ոչ կառուցողական է: Հայաստանի սահմանադրութիւնը, ազգային խորհրդանիշները կամ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը փոխելու օտար թելադրանքներու եւ ճնշումներու առջեւ զիջիլը չ՛արտացոլեր ինքնիշխանութեան իսկական գաղափարը։ Նմանապէս, սահմաններու պաշտպանութեան համար օտար ուժերու վրայ ապաւինիլը (տե՛ս անցեալ շաբաթ Փաշինեանի Մոսկուա այցը) եւ միաժամանակ այդ ուժերը որպէս ազգային ինքնիշխանութեան սպառնալիք ներկայացնելը, կը խաթարէ ժողովրդավարական ուղղամտութեան բուն էութիւնը եւ կեղծ է։
Այս պահուն, Հայաստանի վիճակը կը պահանջէ ազնիւ, ծայրայեղ իրատեսական ինքնագնահատում։ Մեր ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան պահպանման պատասխանատուութիւնն առաջին հերթին մերն է: Աւերիչ պատերազմէ դուրս եկած Հայաստանի նման փոքր պետութիւն մը չի կրնար ինքզինք թոյլ տալ խճճուելու գերպետութիւններու մրցակցութիւններու կամ տարածաշրջանային անհետեւողական արկածախնդրութիւններու մէջ: Ազգային ճգնաժամի ժամանակ, քաղաքական վերնախաւը պէտք է խթանէ միասնութիւն՝ հիմնական արժէքներու շուրջ: Ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը այնպիսի արժէքներ են, որոնք արժանի են մեր առաւելագոյն խնամքին եւ յարգանքին։
Այս արժէքներուն վկայութիւնն է Տաւուշի շարժումը։ Զայն իբրեւ արտաքին միջամտութեան արդիւնք տեսնելու փոխարէն, պէտք է դիտել որպէս ազգային համաձայնութեան կամուրջներ կառուցելու շատ ուշացած հնարաւորութիւն: Ընդունելով շարժման էական ուղերձը, Հայաստանը եւ ամբողջ հայութիւնը կրնան ամրապնդել իրենց յանձնառութիւնը ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան նկատմամբ, հզօրացնելով ազգին միասնութիւնը՝ արտաքին բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց:
ՌԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթում