Ո՛չ ոք կը տարուի պատրանքներով, որ իշխանափոխութիւնը՝ մղձաւանջին աւարտը ծիածան պիտի տարածէ Հայաստանի վրայ: Վիթխարի, ոմանց կողմէ այսօր անկարելի թուացող ԳՈ՛ՐԾ պիտի իյնայ յաջորդ իշխանութեան ուսերուն:
Տաւուշը կը մնայ առաջին կիզակէտ, խորքին մէջ մեկնակէտը՝ նոր բացուելիք փուլին: Հոն, կրկնակի նահանջի պատկերներ ուրուագծուած են: Ապօրինի եւ որեւէ հիմէ զուրկ «սահմանագծման» նորագոյն հնարքէն ետք, Փաշինեան Մոսկուայի մէջ Չորեքշաբթի օր համաձայնութիւն գոյացուցած է, որպէսզի ռուսական ուժերը քաշուին Տաւուշի սահմաններէն (նաեւ օդակայանէն): Այլ խօսքով, ատրպէյճանական անխուսափելի թուացող թափանցումի մը դիմաց, ականապատ դաշտերու մաքրագործման կողքին, պաշտպանական այլ վահան մըն ալ կը վերցուի Երեւանի իշխանութեան պահանջով: Ռուսիա բացայայտ դարձուցած է, որ ներկայ փուլին, ու Հայաստանի իրողական անձնասպանական ծանօթ կեցուածքներուն ի տես, պիտի շարունակէ իր շահերը համակարգել Ատրպէյճանի հետ: Եւ սա արդէն լուսարձակի տակ կը բերէ առաջինը այն հրամայականներէն, որոնք կը ցցուին յաջորդ իշխանութեան դիմաց, այսինքն՝ վերականգնել Հայաստանի շահերուն եւ արդար պահանջներուն համապատասխան՝ միջազգային յարաբերութիւններու տրամաբանական ընթացքը, սկսելով Ռուսիոյ հետ համակարգումի վերականգնումը. համակարգում չի նշանակեր անոր (կամ որեւէ այլ բարեկամի) կամակատարը դառնալ, ինչպէս որ Փաշինեան եւ «ուսապարկերը» դարձած են թուրք-ատրպէյճանցիին կամակատարն ու… պաշտպանեալը (Ատրպէյճան կը պատրաստուի Պաքու հրաւիրելու «արխատաշ» Փաշինեանը):
Վերջին շաբաթներու փաշինեանական այն յայտարարութիւնները, այսինքն՝ «եթէ չտանք, ատրպէյճանցիները պիտի յարձակին» սպառնալիքները (որոնք ըստ էութեան իր բերնով ուղղուած ալիեւեան սպառնալիքներ են), կարելի չէ ու պէտք չէ անտեսել: Անոնք ցուցանիշ են, որ այս իշխանաւորը դարձեալ լուռ համաձայնութիւն ունի Պաքուի հետ, իր աթոռին պահպանման համար: Այսինքն, ատրպէյճանական նոր յարձակումի մը «Դամոկլեան սուր»ը կախուած կը մնայ Տաւուշի ու ընդհանրապէս Հայաստանի գլխուն վերեւ: Անյետաձգելի հրամայական է կանխարգիլել նման վտանգ…
***
Կարդացեք նաև
Կարելի չէ այս կամ այն հրամայականը աւելի՛ առաջնահերթ նկատել, քան միւսը: ՔՊականները այնքա՜ն վնաս հասցուցած են հայրենիքին որ, յաջորդ փուլը պիտի ըլլայ տաժանելի:
Կայ բանակին ու պաշտպանական կարողականութեան վերականգնումը:
Կայ դիւանագիտական բազուկի առողջացման եւ իսկական գործի լծման օրակարգը:
Կան ներքին համերաշխութեան վերականգնումը եւ ատելութեան՝ «սեւ-սպիտակ»ի քարոզչութեան դադարեցումը:
Կայ Հայաստան-Սփիւռք կապերու վերաբնականոնացումը:
Կայ քաղաքական կեանքը խաղի տրամաբանական եւ ընկալեալ օրէնքներուն վերադարձնելու պահանջը (հոգ չէ թէ այդ խաղերը կրնան այս կամ այն թերութիւնը ցուցահանել):
Կայ տնտեսութեան վերականգնումը:
Կայ ընկերային արդարութեան վերականգնումը:
Կան խլուած Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային գօտիներու վերատիրացման օրակարգերը:
Կան քաղաքական բանտարկեալներու, Ատրպէյճանի ձեռքին մնացող պատանդներու եւ գերիներու ազատագրումի հարցերը:
Կան… Կան… Կան…
Այս բոլորը կը պահանջեն հայութեան նիւթական, իմացական եւ, մէկ խօսքով՝ ԱՄԲՈՂՋ ՈՒԺԻՆ մէկտեղումը՝ ի սպաս հայրենիքին ու ազգին:
***
Տաւուշէն սկսած շարժումը պէ՛տք է յաջողի: Պէ՛տք է դուրս գալ իշխանաւորներուն պարտադրած՝ թերահաւատութեան ու սեփական կարողութիւններուն վրայ վստահութիւն չունենալու թմբիրէն: Ու եթէ Դանիէլ Վարուժան ապրէր այս օրերուն, հաւանաբար տարբերակ մը գտնէր իր «Ջարդը» բանաստեղծութեան վերջին տողերուն եւ աւետէր նոր արշալոյսի մը ոտնաձայները:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում