Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակութիւնն է մայիսքսանութեան Հայաստանին, որ այսօր կը դիմագրաւէ գոյութենական սպառնալիքներ: «Շուշիի հռչակագիր»-ով միացեալ ռազմավարութիւն ճշդած թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը կը սպառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան: Ներխուժուած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները, Անգարան Երեւանի հետ յարաբերութիւններու հաստատումը կը պայմանաւորէ Պաքուի թելադրած պայմաններուն կատարումով:
Պայմանները սկսած են Տաւուշի գիւղերու յանձնումէն, կը հասնին մինչեւ Սիւնիք, անցնելով անքլաւներու վերադարձի պահանջէն:
Պաշտօնական Երեւանը ներկայացնողները փոխզիջումներով սահմանազատում իրականացնելու օրակարգը կ՛ընկալեն միակողմանի զիջումներով եւ առանց որեւէ բան ստանալու, առանց որեւէ երաշխիքի կը զիջին հայկական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ: Վտանգը աւելիով մօտեցնելով հայրենիքին:
Միակողմանի այս զիջողականութեան դիմաց թափ հաւաքող շարժումի դէմ ձեռնարկուած է հեղինակազրկման արշաւ: Շարժումը կը ներկայացուի իբրեւ ռազմատենչ, խաղաղութեան փոխարէն պատերազմ նախընտրող ընտրանք, որ կը մերժէ սահմանագծում իրականացնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ:
Կարդացեք նաև
Քաղաքագիտական տարրական հասկացողութիւն է, որ բանակցողը, մանաւանդ երբ պարտուած կողմ է, իր բանակցային դիրքերը ամրացնելու համար պէտք ունի զիջումները մերժող զանգուածային ուժի: Այդ ուժին յղում կատարելով է, որ բանակցողը կարմիր գիծերէն անդին չանցնելու ահազանգը կը զգայ եւ կը հնչեցնէ, նման պայմաններու մէջ նուազագոյն վնասով դուրս գալու համար: Այս իշխանութիւնները նման վարքագիծով անարգել կ՛ուզեն զիջիլ եւ ընթանալ միայն հակառակորդի թելադրած կանոններուն ընդառաջ: Այս ընթացքը պատերազմի հաւանականութիւնը աւելիով կը բարձրացնէ: Թշնամին իր դիմաց չի տեսներ իր պահանջներուն ընդդիմացող ուժ եւ կը պահանջէ աւելին, այլապէս կը սպառնայ պատերազմով:
Սահմանազատումը հատուածային ձեւաչափով սկսելու հայկական կողմի համաձայնութիւնը վտանգաւոր է:
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: