Եւ հայութիւնը հարուածող այս բոլոր դժբախտութիւններուն մենակատարը, «առատաձեռն» մեր վարչապետն է, որ քաղաքական մարդու մը համար անընդունելի միամտութիւն կը սնուցանէ, կարծելով որ հայրենի հողերը անսակարկօրէն թշնամիին յանձնելով պիտի յագեցնէ թուրք-ատրպէյճանցի բորենիներու անյագ ախորժակը: Պարոն վարչապետ, եղբայրաբար ձեզի հարց կու տանք, այս ձեր անհաշիւ տալու մոլուցքը ուր պիտի հասցնէ մեզ, արդեօք ձեր առատաձեռնութեան դիմաց ցարդ մէկ թիզ հող զիջեցաւ հակառակորդը… Ի՜նչու կ՝աճապարէք եւ որու հաշւոյն յանձն առած էք ներկայ զիջողականութիւնը: Հայը՝ հայրենիքի ու Սփիւռքի տարածքին, երբեք դէմ չէ եղած իր դրացիներուն հետ լեզու գտնելու եւ խաղաղ ապրելու գաղափարին: Իսկ այն գործարքը, որուն ականատես կը դառնանք, անհաշիւ տալու ձեր բնազդին արդիւնքն է…
Տակաւին, կատարեալ հեշտութեամբ Եւրոպայի եւ մասամբ մըն ալ ՆԱԹՕի գիրկը մտնելու ձեր աճապարանքը․ տար Աստուած որ ռուսը եւ իր գործընկերները լաւ աչքերով դիտեն ու վարագոյրի ետեւէն վրէժխնդրութեամբ չվարուին մեր երկրին հետ, կանանչ լոյս բանալով թուրք-ատրպէյճանցի վոհմակներուն առջեւ։ Կը մաղթենք, որ Ռուսիոյ սխալ լարին չդպչի հայրենի ներկայ ղեկավարութեան որդեգրած քաղաքական ուղղութիւնը ու անիկա լայնախոհութեամբ մօտենայ Փաշինեանի դիւանագիտական ծեքծեքումներուն: Եւ ամէնէն տարօրինակը՝ մենատիրութիւն է… Ձեզի համար ոչ «բարլամենթ» գոյութիւն ունի ոչ ալ իր ձայնը լսելի դարձնող հայրենի ժողովուրդ: Եղբա՜յր, այս ի՜նչ առատաձեռնութիւն է… Մոռցէ՜ք Սփիւռքը… Մենք ո՜վ ենք որ ձեզի դիւանագիտութեան դաս պիտի սորվեցնենք: Դուք ի վերուստ առաքուած էք տիրելու, առանց հայ հաւաքականութիւններու հաշիւ տալու: Նորին վսեմութիւն, սփիւռքահայերս ալ մեր մորթին վրայ եւ մեր էութեան մէջ կը զգանք հայրենի հողի կորուստը ու անոր պատճառած կոտտացող, ահռելի ցաւը: Ելաք հապճեպով, առանց քաղաքական հոսանքներու հետ խորհրդակցելու, Ղարաբաղը յանձնեցիք: Այդ ինչ իրաւունքով դուք 120,000 հայորդիներ վաչկատուն, աներդիկ դարձուցիք: Հարցին առանցքային բուն էութիւնը՝ ինչո՞ւ պարոն վարչապետը քաղբանտարկեալներուն հարցը չի բարձրացներ ու ջանք չի թափեր՝ օր առաջ զանոնք ազատելու ատրպէյճանական անմարդկային կալանքէն: Ու չի պայմանաւորուիր՝ նախ եւ առաջ ապահովելու Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ապահով վերադարձը հայրենի տուն, ապա արդարադատութեամբ առաջ տանելու սահմանազատումը:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: