Արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն հրապարակած հաղորդագրութիւնները եկան մտահոգիչ հարցականներ գծելու սահմանազատման եւ սահմանագծման այս անհարկի եւ արագ հոլովոյթին շուրջ, որ զուրկ է իրաւական ըլլալէ, որովհետեւ յատուկ կանոնակարգի բացակայութեան կատարուեցաւ։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ սահմանազատուած եւ սահմանագծուած հատուածները պիտի նկարագրուին մինչեւ Մայիս 15 ստորագրուելիք համաձայնութեան մէջ, ապա անոնք պիտի համարուին վերջնականապէս սահմանազատուած եւ սահմանագծուած հատուածներ։Իր կարգին, պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ, յղում կատարելով արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, նկատել տալով,որ չորս գիւղերու հատուածին մէջ կատարուած սահմանազատումը նախնական է, մինչեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթին ամբողջական աւարտը։ Հարցին առնչակից երկու նախարարութիւններ տարբեր բնութագրումներ կատարելով՝ հանրային կարծիքը առաւել շփոթի մատնեցին։ Փորձագէտներ եւ ընդդիմադիրներ տեղին հարցադրում մը կատարեցին, թէ եթէ մէկ նախարարութիւն կը յայտարարէ, որ ընթացք առած է սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթը, այլ նախարարութիւն մը ինչպէ՞ս կրնայ յայտարարել, որ հոլովոյթը նախնական է։ Այսինքն կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ։Ասիկա կ՛ենթադրէ, որ Ատրպէյճան, առաջնորդուելով իր շահերէն, կրնայ վկայակոչել Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը եւ պնդել, որ Հայաստան սահմանազատում չի կատարեր։
Աւելի՛ն։ Յստակ չէ, թէ հայկական կողմը ինչու չներկայացուց իր պատճառաբանութիւնները եւ չպարտադրեց, որ Տաւուշի չորս գիւղերուն հատուածին մէջ կատարուած սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքին զուգահեռ նոյնանման աշխատանքներ կատարուին Բերքաբերի, Ջերմուկի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն տարածքներուն մէջ, որպէսզի հայկական ինքնիշխան տարածքներու գրաւման վերջ տրուի եւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքով ամրագրուի վերոյիշեալ տարածքներուն հայկական պատկանելիութիւնը։
Ա.Ա.
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: