Անցնող Ապրիլին, հայաշխարհի ամբողջ տարածքին իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչական ելոյթներն ու հաւաքները, ո՛չ միայն Թուրքիան ու Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելու հայութեան միահամուռ կամքի դրսեւորումներ հանդիսացան, այլեւ հաւաքական ու միատեղ ձայնով՝ հայրենի իշխանաւոր խմբակի ապազգային մտածումներուն եւ արարքներուն դէմ ամբողջական մերժումի յստակ կեցուածք բնորոշեցին։ Արդէն, Տաւուշի մէջ ծայր առած, ատրպէյճանական կողմին հետ սակարկութեան գալու եւ նախքան որեւէ սահմանազատման ու սահմանագծման հոլովոյթը միջազգային օրէնքի հիմերուն վրայ ամրապնդելու, Հայաստանի իշխանական խաւը տարածքներ կը յանձնէ դիմացի կողմին, առանց պահանջելու ատրպէյճանական ուժերու հեռացումը ապօրինի գրաւած Հայաստանի ինքնիշխան մասերէն։ Առաւել, լուռ կրաւորականութեամբ կը դիմագրաւէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի՝ օրէ օր սաստկացող պահանջներու յորձանքը, թէ՛ հայոց պետականութեան հիմերը քայքայելու փորձով, թէ՛ տարիներէ ի վեր արտայայտուած ու մերժուած՝ Ցեղասպանութեան փաստը պատմաբաններու քմահաճոյքին թողելու վարկածով։
Յունահայութիւնն ալ, իր կարգին, համայն հայութեան ձայնին միանալով, այս տարի եւս պատշաճ զգօնութեամբ եւ ուժերու լարումով, պետական ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ, նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը, յստակ ուղերձ ղրկելով Թուրքիոյ այժմու ղեկավարութեան, թէ Ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի իրաւական փաստը անսակարկելի իրողութիւններ են, իսկ հայ ժողովուրդը տրամադիր չէ նժարի վրայ դնելու իր արդար իրաւունքներու թղթածրարը։
Երկար ճամբայ կայ կտրելիք։ Հայրենիքին վրայ սպառնացող ներքին եւ արտաքին վտանգներուն դէմ մեր պայքարը աւելի հիմնաւորուած եւ կուռ շարքերով ամրապնդելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք։
Չի բաւեր միայն պատմական յիշողութիւնը վառ պահելու հայու հոգեմտաւոր զարթնումը, այլեւ հետզհետէ աճող մասնակցութեան, ժողովրդային շարքերը աւելի խտացնելու, քաղաքական եւ պահանջատիրական ելոյթներուն մէջ ամրակուռ եւ հսկայածաւալ մասնակցութիւն ապահովելու գրաւականը մեր օրակարգի առաջնահերթ բաժինը պէտք է ըլլայ։
Առաւել, կը սպասենք, որ մեր քաղաքական բոլոր ելոյթներուն մէջ եւս, ունենալ հայրենի պետութեան անվերապահ եւ ամբողջական ներկայութիւնը, չբաւաւարուիլ միայն սոսկ ներկայացուցչական եւ անգոյն մասնակցութեամբ, այլ մեր դիւանագիտական զօրաշարժը ի սպաս դնել սփիւռքի պահանջատիրութեան մէջ։
Պետականութեան ու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն տէր կանգնելու համահայկական ուխտը կը պահանջէ զգօնութիւն եւ աչալրջութիւն։ Հաւաքական ուժ ըլլալու հրամայականը տիրական գաղափար դարձնելու մեր հետապնդումը կը պահանջէ գաղութային միաւորում, այլեւ համահայկական զօրաշարժ։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ Հունաստանում տպագրվող «Ազատ օր» օրաթերթի այսօրվա համարում