«Սահմանք քաջաց՝ զէնն իւրեանց»: (Քաջերու սահմանները իրենց զէնքի ուժին մէջ են):
Այս պատմական խօսքին հեղինակը մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացին (410-480) է, որ վստահաբար ապշահար՝ ափ ի բերան պիտի մնար ի տես Հայաստանի այս օրերու ողբերգական իրադարձութիւններուն:
Քաջերը ամէն գնով հեռու կը պահուին սահմաններէն. իր պաշտպանական կարողութիւնը յատկապէս Տաւուշի մէջ փաստած բանակը կը հեռացուի սահմանէն, իսկ զէնքերն ալ կը փոխարինուին… սիւներով։
Այսօ՞ր…:
Կարդացեք նաև
Չկայ տրամաբանական սահմանի գծում եւ դասաւորում, ո՛չ ալ այդ առաքելութիւնը յանձն առնող՝ տրամաբանելու կարող անձ(եր)։ Յստակ չէ, թէ Հայաստան ի՞նչ քարտէսներու հիմամբ չորս գիւղեր եւս պիտի ձօնէ Ատրպէյճանին, այս անգամ հարաւի փոխարէն հիւսիսային Տաւուշի սահմանամերձ շրջանէն։ Շուկային մէջ բազմաթիւ են քարտէսները:
Եւ ահա՝ տգեղ ու տժգոյն, մերկ ու սպիտակ սիւներ, որոնց վրայ երկու երկիրներուն կրճատուած անունները տեղադրուած են. եւ սա կը կոչուի սահմանազատում։
Յստակ չէ՞, թէ ո՛վ է լիազօրողը։ Ժողովուրդէն գաղտնի, բանաւոր ու գրաւոր համաձայնութիւններ գոյացուած են Ալիեւի հետ եւ քայլ առ քայլ կը գործադրուին անոր հրամանները: Իսկ այդ հրամանները սկիզբ ունին, վերջ չունին:
Իսկ եթէ տակաւին հարց տուողներ կը մնան Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի՝ պատասխանը, ամենայն պաղարիւնութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ կու տայ Տաւուշի թեմի քաջարի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանը, որ Սահակ Պարթեւի, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ղեւոնդ Երէցի ուղիով կը շարունակէ իր հայրենապաշտպան գործը, մեծ աջակցութիւն եւ ժողովրդականութիւն վայելելով։ Անոր ու հետեւորդներուն համար, երբե՛ք կարելի չէ աղաւաղել Խորենացիի պատմական խօսքը․ «Սահմանք քաջաց՝ զէնն իւրեանց»։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: