Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Հայաստանի եւ Յունաստանի դեսպանները:
Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ Նորին Սրբութեան զրոյցը կեդրոնացաւ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Ապրիլ 24-ի նշումին վրայ՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ:
Յունաստանի դեսպանուհի Տեսփինա Քուքուլոփուլուն եկած էր իր զօրակցութիւնը յայտնելու հայ ժողովուրդին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակին առիթով: Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդին դատը արդարութեան դատ է, եւ յոյն ժողովուրդը կը միանայ յանուն արդարութեան ու մարդկային իրաւանց դարաւոր պայքարին: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ նետելու Լիբանանը յուզող խնդիրներուն ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան վրայ:
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ