Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը եւ Նորին Սրբութիւնը Ֆրանսիս Պապին կողմէ նամակ մը յանձնեց Հայրապետին։
Վեհափառ Հայրապետին եւ պապական նուիրակին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ ընդհանրապէս Լիբանանի կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը։
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ