Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թուրքիոյ նախագահը կը շեշտէ, որ Երեւանը գիտակից է ու հասկցած բացուած պատուհանէն դուրս եւ ներս նայելու անհրաժեշտութիւնը․ «Ազդակ»

Ապրիլ 27,2024 11:04

Ապրիլ 24-ի հերթական նշումի օրերուն Անգարայի պաշտօնական յայտարարութիւնները երեք բաժին ունին: Թուրքիոյ նախագահին ուղերձը պաշտօնապէս ուղղուած Երեւանին, ցաւակցութիւնը` Պոլսոյ պատրիարքին եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակումը` միջազգային ընտանիքին եւ հանրային կարծիքին:

Ուղերձները պաշտօնական հասցէներ ունին, այդուհանդերձ հրապարակային ըլլալով բազմաթիրախային են:

Երրորդ ուղերձը, որ կը պատկանի Անգարայի արտաքին գերատեսչութեան: Հիմնական բաժինը այն է, որ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն նկատողները պարզապէս կը հաճոյանան արմատականներուն եւ կը քաջալերեն, որ անոնք ծայրայեղութիւններու դիմեն: Բուն ուղերձը վերյիշելն է, որ Անգարան առաջարկ կատարած է Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի ստեղծման, եւ թէ այդ առաջարկը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ:

Անմիջապէս նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ուղերձները փոխկապակցելով պարզ կը դառնայ, որ պահն է Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի ստեղծման: Այդ պահու կարեւորութեան կը գիտակցի Երեւանը, սակայն արմատական սփիւռքն է, որ իր ծայրայեղական կեցուածքներով կ՛արգելակէ այդ գործընթացը:

Անտրամաբանական պիտի չըլլայ ենթադրելը, որ այս առաջարկը Անգարա-Երեւան երկխօսութեան կ՛արծարծուի: Անգարայի կեցուածքը յստակ է եւ բանաձեւուած պատրիարքութեան յղուած ցաւակցագիրին մէջ: Խնդիրը Երեւանին կը վերաբերի, որ արմատականութենէ ձերբազատելու համար Արարատի փոխարինումի առաջարկ կը կատարէ, Անկախութեան հռչակագիր-Սահմանադրութիւն իրաւական կապի վերացման մասին ենթահող կը պատրաստէ, պատմական հայրենիքէն իրական հայրենիք յղացքային վերադարձ կատարելու կոչ կ՛ընէ: Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով է, որ Թուրքիոյ նախագահը սփիւռք-Հայաստանի Հանրապետութիւն դասական հակադրումի մարտավարութենէն անդին կ՛անցնի եւ կը շեշտէ, որ Երեւանը գիտակից է ու հասկցած բացուած պատուհանէն դուրս եւ ներս նայելու կամ ստեղծուած քաղաքական պահը օգտագործելու անհրաժեշտութիւնը:

Բացուած պատուհանէն խաւարէն դուրս գալու համար Անգարան այս ուղերձով կ՛առաջարկէ ընդունիլ Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի կազմութեան առաջարկը:

Մնացեալ ուղերձ-առաջարկներու հրապարակումներու իրաւունքը վերապահուած է Ազրպէյճանի նախագահին, որ կը խօսի Արարատի փոխարինման, «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին եւ այլ ենթաուղերձներու մասին:

Չի բացառուիր, որ դիւանագիտական անձերու եւ երրորդ երկրի քաղաքացիներուն համար սահմանը բանալէն եւ Անիի պատմական կամուրջի վերանորոգման աշխատանքներէն առաջ Պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի կազմութեան շուրջ բանակցութիւններ սկսին: Ակնարկուած պատուհանի օգտագործումով խաւարէն դուրս գալու համար:

«Ա.»

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930