Մասնագէտներու եւ փորձագէտներու կարծիքով, սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն սկսելէ առաջ, կենսական էր, որ հաստատուէր աշխատանքի մեթոտաբանութիւն, օրինական հիմքեր եւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու օրինականութեան յստակ կանոնակարգ, որպէսզի կատարուած աշխատանքը հապճէպ եւ անհիմն չըլլայ, այլ հիմնուած ըլլայ յստակ եւ որոշ տուեալներու եւ չափորոշիչներու վրայ։ Այս իմաստով կանոնակարգը նաեւ կարեւոր է, որպէսզի հոլովոյթը միակողմանի զիջման գործընթացի մը չվերածուի։
Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանազատումն ու սահմանագծումը անխուսափելի է եւ անկարելի է շարունակել այնպէս մը, թէ սահմանային բարդ խնդիրներ գոյութիւն չունին եւ ամէն ինչ բնական է։ Երկու երկիրներու միջեւ, որոնք երեսուն երկու տարիներու ընթացքին երկու անգամ պատերազմած են, սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթը շատ խրթին է, որովհետեւ թշնամանքն ու ատելութիւնը չեն արտօներ, որ բանականութիւն եւ հանդուրժողականութիւն տիրէ։ Այս պատճառով ալ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին ճիշդ եւ առարկայական ըլլալուն համար, կենսական է ճշգրիտ քարտէսներու վրայ հիմնուած կանոնակարգը, որպէսզի հողային զիջումներու պատճառ չհանդիսանան սահմանագծման աշխատանքները։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն միջեւ կատարուած՝ Տաւուշ – Ղազախ շրջանին մէջ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքը առաւելաբար արդիւնք է քաղաքական որոշման մը, որ ոչ մէկ կապ ունի ճշգրիտ քարտէսներու վրայ հիմնուած կանոնակարգի մը հետ, որուն հիմամբ միայն կարելի է ճշգրտօրէն կատարել առաջադրուած աշխատանքը՝ խուսափելով հող զիջելու չափազանց վտանգաւոր քայլերէ, որոնք ի վերջոյ զիջող կողմին ռազմավարական բոլոր հաշիւները կրնան խանգարել եւ իր նախընթացը չունեցող վտանգաւոր կացութիւններու առաջնորդել հող զիջող երկիրը։ Նման իրավիճակէ խուսափելու միակ միջոցը սահմանազատումը եւ սահմանագծումը քաղաքական որոշումի մը հիմամբ չկատարելն է, այլ գործընթացը հիմնել եւ խարսխել երկու կողմերէն ընդունելի ընդհանուր կանոնակարգի մը վրայ։
Ա.Ա.
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում