Ռազմական յանցագործութիւններու ստուար թղթածրար կազմած է Ազրպէյճանի ահաբեկչական պետութիւնը, որ այս բոլորը կ՛իրականացնէ Շուշիի հռչակագիրի հայեցակարգով եւ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի ճշդած վարքագիծներով:
Հիմա նոր իրաւազրկումներու հետապնդման խնդիրներ դրուած են մեր ազգին առջեւ: Նոր ցեղասպանութեան փաստի արձանագրում, հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացում, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէմ բարձրաձայնումներու կազմակերպում, միջազգային դատարաններու դիմում:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ ընդառաջ Համահայկական հռչակագիրի հիմնադրոյթներուն` համազգային օրակարգի վերածուած էր հատուցման թղթածրարի պատրաստութիւնը: Հատուցման նորացուած թղթածրարի հրամայականը ինքզինք զգալի կը դարձնէ:
Երեւանը ճիշդ չ՛ընկալեր իրադարձութիւններու յորձանուտին մէջ հայրենիքը անցնցում պահելու, անվտանգային համակարգը չխախտելու սկզբունքները: Պարտուած ղեկավարը կը շարունակէ իր ձեռքին մէջ պահել երկիրը. Արցախի կորուստէն ետք միակողմանի զիջումներով գիւղեր կը յանձնուին թշնամիին, երբ տակաւին ճշդուած չէ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը: Պահանջ չ՛արծարծուիր հայաստանեան գերիշխան տարածքներէն ազրպէյճանական ուժերու հեռացման, կամ հայապատկան տարածքներու վերադարձի:
Կարդացեք նաև
Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան մասին պաշտօնապէս յայտարարուած թուային նշումները կը փոխուին, եւ յայտարարութենէ յայտարարութիւն հայաստանեան տարածքները կը փոքրանան:
Հանդիսատեսի դրուածքէն ներգործօն դիրքի վրայ յայտնուելու անհրաժեշտութիւնը կայ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Հայութեան միակամ դիրքորոշումը կրնայ կասեցնել միակողմանի զիջումներով յատկանշուող այս ընթացքը:
Ցեղասպանութիւններու փաստերու արձանագրումն ու անոնց միջազգայնացումը ինքնանպատակ չեն անշուշտ: Անոնց պիտի հետեւի հատուցումը, տարածքներու վերադարձը, տարածքներու վերաազատագրումը:
Անհրաժեշտ է ուրեմն պատրաստուիլ: Հայութեան համայն իրաւունքներու վերականգնման համար պատրաստուիլ թէ՛ իրաւականօրէն, թէ՛ հայոց պետական բանակի հզօրացման ուղղութիւններով:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: