1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, մօտ մէկ տարի Արցախի բնակչութիւնը սովասպանութեան ենթարկելէ ետք, թուրք-ատրպէյճանականյարձակողապաշտ եղեռնագործութեան պատճառով Արցախը բռնագրաւուեցաւ, հայաթափուեցաւ, արցախահայութիւնը հայրենազրկուեցաւ, հայրենիքը կոտորակուեցաւ…։
21-րդ դարու Հայոց Ցեղասպանութիւնը հետեւանքն էր ազգի անվտանգութեան անուղղայ եւ ուղեկորոյս ռազմավարութեան։
Աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու մէջ յայտնուած հայրենիքին ու հայութեան շահերու պաշտպանութեան եւ կենսագործման համար, այսօր անհրաժեշտ է ազգային գաղափարախօսութեան ինքնատիրապետման գծով համընդհանուր զօրաշարժ եւ այդ առաջադրանքը իրագործելու համար օրուան հրամայականն է ապազգային իշխանութիւններու հեռացումը եւ ազգային սկզբունքներուն եւ արժեհամակարգին հաւատարիմ՝ որդեգրել քաղաքական այն համոզումը՝ որ մեր պետութիւնը, ազգն ու հայրենի երկիրը կարողութիւնը ունին զարգանալու՝ առանց զիջելու։
Երկու թշնամի երկիրներով շրջափակուած ու գոյութենական ճգնաժամի մէջ յայտնուած Հայաստանի համար վիճակուած է կամ շարունակական զիջումներով ընդունիլ թուրք-ատրպէյճանական պարտադրուող նախապայմանները եւ կա՛մ ազգովին միաւորուելու, ինքնակազմակերպուելու եւ յառաջիկայ հանգրուանի գոյապայքարի պատնէշները հզօրացնելու ու ամրագրելու ջանադիր՝ ռազմապատրաստ ու մարտունակ ըլլալ։ Այլընտրանքը՝ մեր գոյութենական կռուանները ռազմայնացնելն ու ամրոց պետութեան վերածուիլն է։
Կարդացեք նաև
Սարգիս Զէյթլեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթում: