Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ կը մեկնարկէ «Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը` ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» խորագիրը կրող համագումարը: Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէն 30 պատմագէտներ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ երեք օրերու վրայ կը քննարկեն շատ հրատապ խնդիրներ` մեր հայրենիքի գոյաբանական սպառնալիքներուն, մեր ժողովուրդի ապրած նորագոյն ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներու վերացման հետ կապուած ուղիներուն վերաբերող:
Խաղաղութեան կեղծ օրակարգին տակ Երեւանի այսօրուան ներկայացուցիչները պատրաստ են միակողմանի զիջումներով ընդառաջ երթալու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ճշդած պայմաններուն:
Նախապայմանային քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: Եւ հիմա, բոլոր ժամանակներէն աւելի հայ ժողովուրդը ա՛յս փուլին իր վրայ պարտադրուող պայմանները մերժելու կեցուածքները դրսեւորելու հրամայականին առջեւ կանգնած է:
Այս համագումարը նաեւ ա՛յդ անհրաժեշտութիւնը կը բովանդակէ:
Կարդացեք նաև
Ամէն բանէ առաջ ուղենշելու միջազգային ուղիները Արցախի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան համարժէք հնչեղութիւն ապահովելու, բայց նաեւ ցեղասպան պետութիւնը եւ անոր ղեկին յայտնուածները քրէականացնելու միջազգային ատեաններու ճամբով:
Ցեղասպանութեան փաստի արձանագրումը անշուշտ ինքնանպատակ չէ եւ պատահական չէ, որ համագումարի խորագիրը կը ներառէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը: Առաջին հերթին կա՛յ հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իրացման առաջադրանքը, որ պայմանաւորուած է միջազգային նոր երաշխիքակազմով: Իրաւունքներուն մէջ առանցքային բաժին է ինքնորոշման իրաւունքը, որուն վրայ կառուցուած է Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման բանակցային փիլիսոփայութիւնը:
Արձանագրել ցեղասպանութեան փաստը, պահանջել վերադարձի իրաւունքը, նոր երաշխաւորութեամբ եւ փուլ առ փուլ վերականգնել Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: