Միշտ ալ հոծ բազմութիւն մը իբրեւ ուխտապահ կ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ եւ կը խոնարհի անմար կրակին առջեւ։ Մեծ է թիւը նաեւ միւս «յուշահամալիր»-ը այցելողներուն: Հոն, Երեւանի հարաւային մէկ բլուրին վրայ տարուէ տարի ծաւալող այդ «համալիր»-ը խիտ բնակուած է անշունչ բայց ոգեշնչող քաջերով: Կը կոչուի Եռաբլուր: Չափազանցութի՞ւն պիտի ըլլայ, եթէ պահ մը Սիամանթոյի գրիչէն ծորած տող մը գողնալով՝ նշենք, թէ «դիակները դիզուած են մինչեւ կատարը ծառերուն»։ Հին ու դառն վիշտեր, որոնք կը շարունակեն յուզել, տխրեցնել եւ յուսալքել հայորդին:
Հասկնալի է։ Այդ օր կը յիշենք ահաւորը, թէժն ու ողբերգականը։ Մեր արցունքներով ու խոր վիշտով անոնց անմահ յիշատակը կ’ոռոգենք։ Ծիծեռնակաբերդի եւ Եռաբլուրի արցունքներուն միջեւ զուգահեռ գծելը աւելորդ է: Տարբեր ժամանակներէ ու տարբեր պայմաններէ ծնած՝ նոյն վիշտ է որ կը համակէ հայը:
Սակայն այս բոլորը թօթափել է պէտք։ Ո՛չ թէ մոռնալ կամ ուրանալ, այլ պայքարիլ յանուն արդարութեան, հատուցման եւ հայապահպանման։ Նոյն Սիամանթոն է որ կը պատգամէ. «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար…»:
Կայ ողբերգական այլ ծալք մըն ալ: Անցեալ Ապրիլ 24-ին, արցախահայութիւնը, հակառակ պաշարուած ըլլալուն, իր հողին վրայ նշեց Ցեղասպանութիւնը, հո՛ն զետեղեց ծաղկեպսակ եւ հո՛ն յուզուեցաւ։ Մինչդեռ այսօր, ան ալ կը յուզուի հեռաւոր եւ մօտիկ անցեալով, իր հողէն հեռու, երբեմն ալ… շատ հեռու։
Կարդացեք նաև
Ծիծեռնակաբերդէն Եռաբլուր….
Արցախէն ետք, «երթ»ը կը շարունակուի դէպի Ոսկեպար, որ այսօր կիզակէտն է այլ ողբերգութեան մը։ Հո՛ն, ուր թաւ անտառին կը սպասէ սարքովի դաւ մը: Մինչ Շուշիի ազատագրումը «լեռներու հարսանիք» հռչակուած էր, հիմա ահաւոր մութ ծրագիրներ, հայրենի հողերու յուղարկաւորութի՛ւն կը պատրաստուի Հ․Հ․ իշխանաւորներուն կողմէ՝ բանաստեղծին մէկ ողբին նոր տարբերակը՝ Ոսկե«պար» ստեղծելով։
Այս ընթացքը չի կրնար շարունակուիլ: Ա՛զգը պէտք չէ թոյլ տայ, որ շարունակուի: Մայիսեան զանգերը հիմա՛ պէտք է ղօղանջեն, երբ կը նշենք Ապրիլեան նահատակներու 109-ամեակը, սրբելով արցունքը, ամոքելով յուզմունքն ու շրջելով յուսախաբութիւնը, մանաւանդ, որ այս տարի Պարոյր Սեւակի ծննդեան հարիւրամեակն է։
Նոր Սարդարապատ՝ այս անգամ Ոսկեպարի շուրջ, Ոսկեպարէ՛ն սկսեալ. սրբազան քաջեր, իրենց սերունդները ճանաչելով, խիտ փաղանգներով պիտի միանան արդար մարտին, կռուելու, պայքարելու եւ ներկայ անմիտ ու հողավաճառ ղեկավարութեան, ապազգային տրամաբանութեամբ գործող «ազգընտի՜ր» վարչապետին ըսելու.
Բայց մենք չընկանք,
Մենք միշտ կանք,
Մենք չհանգանք, դեռ կը գանք,
Երբ տան զանգը, ահազանգը,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում