Կրկին թեւակոխած ենք 24 Ապրիլի շաբաթը, որ իր կարգին հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օրն է։ Համավարակի տարիներուն կամքին անկախ կերպով առցանց դրութիւնով կայացող յիշատակման միջոցառումները յաջորդող տարիներուն ալ արժանացան Իսթանպուլի կուսակալութեան յարուցած արգելքներուն։
Ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի ալ սոյն միջոցառումներու գլխաւոր կազմակերպիչ «ՏուրՏէ» հարթակը պատկան իշխանութիւններուն դիմում կատարած է 24 Ապրիլ Չորեքշաբթի, երեկոյեան 19.15-ին Քատըգիւղ Սիւրէյյա Օփերայի մուտքին միջոցառում կատարելու համար։
Թերթս տպագրութեան յանձնուած ժամերուն տակաւին չէր յստակացած ոստիկանութեան եւ կուսակալութեան պատասխանները։
Հրանդ Տինք Հիմնարկը իր կարգին «Յիշատակում եւ այլընտրանքային ապագայի մը համար 23,5 Յիշողութեան Վայրի մէջ մէկտեղում» խորագրով նախագիծ մը մշակած է, որ պիտի տեւէ ամբողջ շաբաթ մը 20-27 Ապրիլ թուականներու միջեւ։
Այսպէս նախատեսուած է Նեսլիհան Քոյունճու Պալի, Հերա Պիւյիւքթաշճեան, Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ եւ Այլին Վարդանեանի ղեկավարութեամբ զանազան աշխատանոցներ։
Առաջին միջոցառումը կը կրէ «Յիշողութեան որմազդ» անունը, ուր առաջին հերթին 24 Ապրիլի գիշեր ձերբակալուած հայ մտաւորականներու անունները պիտի տեղադրուին որմնազդի մը վրայ։ Այցելուներ որմազդի ազատ մասերուն վրայ պիտի կրնան իրենց այս բովանդակութեան յուշերը կամ զգացումները դրսեւորող փոքրիկ գրութիւններ զետեղել։
Երկրորդ միջոցառումը ներշնչուած է ժամանակակից արուեստագէտ Սարգիսի «Ռեսփիրօ» անուն գործէն, որ տեղադրում մըն է ձօնուած յուսալի ապագայի մը։ Այստեղ կ՚առաջարկուի մանկամարդ մասնակիցներու մատնահետքերը դրոշմել ծիածանի գոյներուն վրայ։
Գ. միջոցառումը դարձեալ խօսք կ՚ուղղէ անչափահասներուն եւ դարձեալ ներշնչուած է Սարգիսի «Աղ եւ լոյս» անուն գործէն։ Այստեղ ալ Նեսլիհան Քոյունճու Պալիի ուղեկցութեամբ մասնակիցները իրենց մատնահետքերը պիտի թողուն պատին ագուցուած հայելիի վրայ։
Վերջին միջոցառումը կը կրէ «Հայ մշակոյթի ու պատմութեան հայեացք մը Հրանդ Տինքի աշխատասենեակէն» խորագիրով։ Աշխատանոցը նախատեսուած ձեռնարկներու վերջինն է։ Բոլորին համար աւելի մանրամասն տեղեկութեան համար կարելի է դիմել Հրանդ Տինք Հիմնարկի պաշտօնական կայքէջին։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ակոս»-ում: