Հայաստանի գործող վարչապետը, Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան ժողովրդավարութեան դպրոցի սաներուն հետ, Ապրիլ 13-ին կայացած դասախօսութեան ընթացքին, շրջանառութեան մէջ դրաւ «Պատմական Հայաստանի եւ իրական Հայաստանի» նորելուկ գաղափարը եւ 2018-էն ի վեր իր ցնդաբանութիւններու շարքին ամէնէն կարկառունը։
Պատմական Հայաստանն ու պահանջատիրութիւնը պետական սպառնալիք յորջորջելու եւ այդ մէկը համոզմունքի վերածելու իշխանութիւններու նենգաւորութիւնը ուղղակի հարուած է սփիւռքահայութեան, որոնք իսկական ժառանգներն են նոյն այդ Պատմական Հայաստանի բնիկ նախահայրերուն եւ իրաւատէրերը՝ իրենց պատմական դատին։ Հարուա՛ծ է Սփիւռքին, որ 109 տարի շարունակ եւ անսասան վեր պահած է պահանջատիրութեան դրօշը եւ, Հայ Դատի իր յանձնախումբերով տասնամեակներ շարունակ մաքառելով, ճամբայ հարթած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին։
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, պահանջատիրութիւնն ու հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացումը հայրենի պետութեան ազգային անվտանգութեան անքակտելի բաղադրիչներն են, եւ քաղաքական այդ ծանր զինանոցն ու ռազմապահեստը խորտակելը համազօր է իշխանութիւններու կողմէ մեր պատմութիւնն ու ազգային յիշողութիւնը ուրանալու փորձութեան։
Իշխող վարչակարգին կողմէ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան հիմքը կազմող ցեղասպանութեան ճանաչումն ու պահանջատիրութիւնը տապանագրելու եւ Հայոց Պատմութիւնը ուղղապաշտ ըմբռնելու սերունդներու ունակութիւնը եղծելու այս փորձութիւնը կրնայ յանգիլ մէ՛կ ու միա՛կ վախճանակէտի՝ «իրականօ Հայաստանի կորուստին։
Կարդացեք նաև
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթում: