Vaticannews. Փարիզի Աստուածամօր տաճարը վերանորոգումի երկար աշխատանքներէ ետք այժմ կը գտնուի վերաբացման սեմին, որ մեծապէս աւերուեցաւ, անցեալ 15 ապրիլի 2019ին, գիշերը բռնկուած սարսափելի հրդեհէ։ Նախատեսուած է, որ տաճարին վերաբացումը կատարուի դեկտեմբեր ամսոյն։
Նօթր Տամ Տաճարին տեսուչ, հար Օլիվիէ Ռիպատօ Տումաս անդրադառնալով եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքներու նշեց, որ Փարիզի Մայր տաճարը վերականգումի աշխատանքներէն ետք շատ աւելի գեղեցիկ պիտի դառնայ եւ ամենէն առաջ աւելի ողջունելի բոլոր կաթողիկէներուն եւ իւրաքանչիւր այցելուի համար, որ տաճար կ՝երթայ աղօթելու եւ Աստուած փնտռելու ընդգծելով, որ Փարիզի Մայր եկեղեցւոյ վերածնունդը, ողջ աշխարհի թեմերու կաթողիկէներուն համար կը ներկայացնէ յոյսի նշան։
Հայր Օլիվիէն նկատել տուաւ, որ հրդեհէն անմիջապէս ետք, 2019ին Ֆրանսայի մէջ անմիջապէս ընդունուեցաւ օրէնք մը, որով ստեղծուեցաւ տաճարի վերականգման համար, պետութեան սեփականութեան հանդիսացող պատասխանատու հասարակական մարմին մը ու այդ ընկերութիւնը նախ իրականացուց անվտանգութեան աշխատանքները, որ տեւեց շուրջ 18 ամիս, ապա վերակառուցումի աշխատանքները։ «Այսօր կը հասնինք այդ աշխատանքին վերջին փուլին» ըսաւ Հայր Օլիվիէ դիտել տալով որ եկեղեցւոյ ներսի մասը արտասովոր տեսք ստացած է քարերու եւ պատուհաններու վերականգումէն ետք։ Մատուռները որոնք բոլորին սեւ էին այժմ գոյն ստացած են ու կը փայլին։
Նոթր Տամի տեսուչ, Հայր Օլիվէ նկատել տուաւ, որ Հրդեհէն առաջ հաւանաբար բոլորս գիտակից չէինք, թէ ողջ աշխարհը ինչքան կապուած էր Նոթր Տամին հետ։
Կարդացեք նաև
Վազգէն Աբարդեան
Լուսանկարը՝ GONZALO FUENTES-ի
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: