Կիրակի, 14 ապրիլի կէսօրին առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով այս առիթով հրապարակ ժամանած ուխտաւորները նախ նշեց` թէ ինք «աղօթքով ու մտահոգութեամբ, ու նաեւ ցաւով» կը հետեւի վերջին ժամերուն հասած լուրերուն, հայող Իսրայէլի մէջ կացութեան վատթարացումին, ի տես Իրանի յարձակումին։
«Սրտագին կոչ կ՛ուղղեմ դադարեցնելու ցանկացած գործողութիւն, որ կարող է խթանել բռնութեան պարոյր մը՝ Մերձաւոր Արևելքը աւելի մեծ պատերազմական հակամարտութեան մէջ ներքաշելու վտանգով» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ «ոչ մէկը պէտք սպառնայ միւսի գոյութեան։ Բոլոր Պետութիւնները թող կողմ ըլլան խաղաղութեան եւ օգնեն իսրայէլացիներուն ու պաղեստինցիներուն ապրելու երկու Պետութիւններու մէջ, մէկը միւսի կողքին, ապահովութեամբ։ Ասիկա անոնց խոր եւ օրինական ցանկութիւնն է, և անոնց իրաւունքն է։ Երկու հարևան պետութիւններ» ըսաւ Քահանայապետը։
«Հերիք է պատերազմը, հերիք են յարձակումները, հերիք է բռնութիւնը: Այո՛ երկխօսութեան և այո՛ խաղաղութեան» բացագանչեց Նորին Սրբութիւնը ապա յիշեց Իտալիոյ մէջ այսօր յիշատակուող Սուրբ Սրտի Կաթողիկէ Համալսարանի հարիւրերորդ Օրը քաջալերելով համալսարանը շարունակելու իր կազմաւորման ասպարէզէն ներս ծառայութիւնը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում