Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արեւմուտքը իսկապէս պատրաստ է եւ տրամադրութիւն ունի՞ նման ճակատումի մը՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ․ «Հայրենիք»

Ապրիլ 13,2024 10:30

Ատրպէյճան եւ Թուրքիա մերժած են այս ծրագիրը եւ կը պնդեն, որ այսպէս կոչուած Մեղրիի միջանցքը պէտք է բացուի՝ զայն համարելով նպատակայարմար ծրագիր մը, որ ըստ ատրպէյճանական եւ թրքական կողմերուն, ամրագրուած է ինը նոյեմբերի յայտարարութեան իններորդ կէտով։ Հայաստանի իշխանութիւնները կտրականապէս կը մերժեն հայկական ինքնիշխան տարածքներու վրայ միջանցքի մը տրամադրման գաղափարը՝ փոխարէնը առաջարկելով «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագիրը։

Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն, ըստ հայկական լաւատեղեակ եւ հաւաստի աղբիւրներու, պրիւքսելեան վերջին հանդիպման ընթացքին զօրակցութիւն յայտնած են այս ծրագրին, որ ինչպէս նշեցինք, մերժուած է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ։Հարցն ալ այս մերժողական կեցուածքին մէջ կը կայանայ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն, եթէ իսկապէս նպատակայարմար կը համարեն Փաշինեանի առաջարկած ծրագիրը, պէտք է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ ճնշումներ բանեցնեն եւ Պաքուի եւ Անգարայի պարտադրեն, որ զայն ընդունին։ Սակայն քաղաքական կեանքին մէջ զօրակցական յայտարարութիւնները եւ գործնական քայլերը իրարմէ բոլորովին տարբեր բաներ են եւ նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան շահերը, շատ իրատեսական է, որ Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ բնաւ պատրաստ չեն Պաքուի եւ Անգարայի վրայ ճնշումներ բանեցնելու, որպէսզի Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ընդունին Փաշինեանի ծրագիրը։ Քաղաքական եւ տնտեսական շահերը շատ աւելի ծանր կը կշռեն եւ ամերիկացիներն ու եւրոպացիները իրենց շահերը պիտի չվնասեն, պատերազմ պարտուած հայկական կողմին առաջարկը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պարտադրելու համար։

Հայաստանեան խորհրդարանական ընդդիմութիւնը Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի կատարած յայտարարութիւնները կը դիտեն Փաշինեանը գոհ ձգելու քայլի մը ծիրին մէջ, որ բնաւ գործի պիտի չվերածուի, նկատի ունենալով,որ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն ամէն բանէ աւելի գերեվեր կը համարեն իրենց սեփական շահերը։ Ուրեմն նպատակ չունին խաթարելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ իրենց յարաբերութիւնները։ Բնականաբար Երեւանի իշխանութիւնները չեն բաժներ ընդդիմութեան այս համոզիչ տեսակէտը, այլ կը շեշտեն,որ չափազանց կարեւոր զարգացում մըն է միջազգային ընտանիքին ընկալման մէջ կայացած ակնյայտ փոփոխութիւնը, ինչ կը վերաբերի «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» ծրագրին՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն կրնան մղել Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, որպէսզի ընդունին ծրագիրը։Բայց ներկայիս չեն առնուած այն քայլերը, որոնց նպատակը Պաքուի եւ Անգարայի հաւանութիւնը ստանալն է։

Ամերիկեան եւ եւրոպական իսկական եւ գործնական աջակցութիւն կը նշանակէ ճակատում՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։ Իսկ պէտք է հարց տալ, թէ Արեւմուտքը իսկապէս պատրաստ է եւ տրամադրութիւն ունի՞ նման ճակատումի մը՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930