Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ` տեսիլք, կամք եւ յոյս» նորատիպ գիրքի շնորհահանդէս-գինեձօնը Քուէյթի մէջ

Ապրիլ 12,2024 17:29

«Գիրքերու աշխարհը… Տիեզերք է անեզր…»
Եղիշէ Չարենց

Գիրքերու աշխարհը անսահման է: Գիրքը մարդուն թեւեր կու տայ, եւ կը տանի տարբեր աշխարհներ:

Չարենցեան այս իմաստալից խորհուրդին մեծ համոզում ունեցող, հրապարակագիր եւ գրող՝ Դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեան, իր աշխատասիրութիւններով կը սատարէ արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ կենսունակութեան յոյժ կարեւոր գործին։ Ան իր յօդուածներու ճոխ ծաղկաքաղով, կարծարծէ շարք մը նիւթեր, որոնց հիմնական առանցքը կը կազմեն՝ Հայրենիքի ու սփիւռքի գոյութիւնը խաթարող մտահոգութիւնները, ցաւերն ու դժուարութիւնները, որոնց յաղթահարման համար, երբեք չջլատուիր իր կամքը, այլ նոր տեսիլքներով ու քրիստոնէական վառ յոյսով, կը կենսաւորուին ու նոր աւիշ կու տան մեր ամպամած երկնքին։

Արդարեւ, Կիրակի 7 Ապրիլ 2024ին, Քուէյթի Ազգային Վարժարանի սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Դոկտ․ Ճէպէճեանի գրական վաստակին պատկանող «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» գիրքի շնորհահանդէս-գինեձօնը։

Հանդիսութիւնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ․ Տ․ Պետրոս Ծ․ Վրդ․ Մանուէլեանի։

Երեկոն իրենց ներկայութեամբ պատուած էին՝ Քուէյթի մօտ ՀՀ Դեսպան Տիար Սարմէն Պաղտասարեանը, Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Արտակ Ա․ Քհնյ․ Քէհեայեանը, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Տիար Յակոբ Մելիքսէթեանը, ՔԱՎ-ի Տնօրէն՝ Տոքթ․ Ներսէս Սարգիսեանը, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներն ու գրասէր ընտրանի մը։

Օրուան հանդիսավար՝ Արժ. Քահանայ Հայրը, բարի գալուստի խօսք արտասանեց, որու ընդմէջէն ներկայացուց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան մարդն ու գրիչի սպասարկուն։

Իսկոյն, բեմ հրաւիրուեցաւ ՔԱՎ-ի հայրենաւանդ ուսուցիչ` Պրն. Ճորճ Արապաթլեան, որ հետաքրքիր շրջագայութիւն մը կատարելով գիրքի ծալքերէն ներս, հաճելի ներկայացում մը կատարեց։

Ան Իր նախաբանին մէջ յիշեց` Խաչատուր Աբովեանի գեղեցիկ խօսքը, որ կ’ըսէ.- «Մէկ ազգի միացնողը, իրարու կապողը լեզուն եւ հաւատքն են…», ապա շարունակեց ըսելով, որ Դոկտ. Ճէպէճեան Աբովեանի սրբութիւններուն վրայ կ’աւելցնէ նաեւ Մշակոյթը, զայն անուանելով` Փափուկ զէնք, որու շնորհիւ յաջողած ենք մեր ինքնութիւնը պահել, կեանքի փոթորիկներուն դիմաց, միշտ Հայրենիքը դասելով ամէն ինչէ վեր։

Քաղաքական թեմաներով յօդուածներուն քով կանգ առնելով, Պրն. Ճորճ պարզեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ելակէտ ունենալով, գիրքի հեղինակը զուգահեռներ կը գծէ՝ Արցախի պատերազմին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ մերօրեայ այլ իրադարձութիւններուն հետ։

Ապա, անդրադառնալով գիրքին մէջ գլխագիր տեղ գտած կրօնական յօդուածներուն, պարզեց հեղինակին սկզբունքը, որուն համար քրիստոնէական դաստիարակութիւնը նոյնքան անհրաժեշտ է, իւրաքանչիւր քաղաքացիի բարոյական նկարագիրը կերտելու համար։ Ան կը հաւատայ, որ Քրիստոնեան պէտք չէ վախկոտ ըլլայ, այլ իր մէջ պէտք է սերմանէ «Քրիստոնէական վրէժխնդրութիւնը», փոխաբերական իմաստով։

Այնպիսի վրէժխնդութիւն մը, որ մեզ կ’առաջնորդէ վերստին յառնելու ու հաստատակամութեամբ ընթանալու դէպի յառաջ։

Թուղթի եւ տպագրական մելանի հոտով, իսկական գիրքի սիրահար եւ ընթերցասէր` Ազգ. Վարչութեան երիտասարդ անդամ` Տիկին Դալար Գալէմքեարեան-Տաղլեան, գեղեցիկ կերպով ներկայացուց գիրքի գեղարուեստական արժէքը։

Ան բարձրաձայնելով ըսաւ, որ սոյն գրքի իւրաքանչիւր յօդուածին մէջ, ի յայտ կու գայ, Դոկտ. Հրայրի Հայու հոգին, պինդ ու անխախտ հաւատքը, որ ուխտած է գործել բարին, ու համատարած դարձնել զայն։

Դոկտ. Հրայր ընդելուզուած է քրիստոնէական հաւատքով, լաւատեսութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ յատկապէս հայրենասիրութեամբ, որ ակնյայտօրէն արտացոլած են իր գրութիւններուն մէջ։

Տիկին Դալար միաձուլուելով իւրաքանչիւր յօդուածի մէջ շեշտուած գաղափարին ու խորհուրդին հաստատեց, որ այս գիրքը արխիւային մեծ հարստութիւն մը ու Զարթօնքի կանչ մըն է` վերանայելու կեանքի հասկացողութեան, համամարդկային ու հայկական արժէքներուն ու փիլիսոփայութեան, հաւատքին, ազգին ու հայրենիքին։
Ան իր խօսքը աւարտեց հեղինակի այն մարտահրաւէրով, որ կ’ըսէ.֊《Եթէ կ’ուզես, կ’ըլլայ»։ Անկարելի բան չկայ, բարիով դրծուած Աստուածասէր ու հայրենասէր հայուն համար։

Այնուամենայնիւ, ՔԱՎ-ի Տնօրէն՝ հասարակական գործիչ եւ մտաւորական Տոքթ․ Ներսէս Սարգիսեան, քննական վերլուծական դիտանկիւնէն ներկայացուց գիրքը։

Ան գլխաւոր երեք ենթավերնագրերու բաժնած էր սոյն հատորը, պարզաբանելու համար թէ հաւաքական մեր կեանքի այս ծանր օրերուն, ի՞նչ ունի ըսելիք դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան հայ ընթերցողին: Այսպէս.-
Ա․-) Հայկական Սփիւռքը, իր բազմադիմի էութեամբ, հոգեմտաւոր բարդ կազմուածքային շերտերով, գաղութները կազմող հայերու առանձնայատկութիւններով, նմանութիւններով եւ տարբերութիւններով, ինչպէս նաեւ հաւաքական ինքնութեան խնդիրներով:

Անոր հերոսները այն հայերն են, որոնք ամէն տեղ են ու պատնէշի վրայ։ Անոնք պատմելիք ունին աշխարհին, եւ տակաւին շարունակուող ցաւ ունին։ Աշխարհին բացուելով հանդերձ, ինքնութիւնը պահպանելու մարտահրաւէրներ ունին եւ անոնցմէ արժանապատիւ ու յաղթական դուրս գալու խնդիր ունին:
Սփիւռքեան հակասութիւնները, համադրումի ու կառուցողական ներդաշնակութիւն ստեղծելու փորձերը, իւրայատուկ երանգ մը կը ստանան գրքին մէջ։

Տագնապէն դուրս գալու միջոցը հեղինակին համար, համակարգ-պետութիւն կերտելը, կամ պետականաշինութիւնն է։ Հայի փրկութիւնը իր խելիքն մէջ է։ Հեղինակը կը հաւատայ ու ջատագովն է միասնականութեան։ Իրեն համար Սփիւռքը Հայաստանի միակ «հաւատարիմ դաշնակիցն» է։ Սփիւռքը անցողակի, ժամանակաւոր երեւոյթ մը չէ, այլ ան մնայուն ներկայութիւն է:

Բ․-) Գրքին մէջ տիրական ներկայութիւն է՝ Ճէպէճեան ընտանիքը իր հարուստ աւանդով եւ երեւելի ու պատուաբեր անձնաւորութիւններով, որոնց մասին կþարժէ յատուկ գիրքի մը հրատարակութեան ձեռնարկել, աւելցուց Տոքթ․ Սարգիսեան։

Գ․-) Քրիստոնէական հոգեւոր թեման զգալիօրէն ներկայ է: Ճէպէճեանին համար Աստուածաշունչը հաւաքականութեան գիրքն է։ Ան իր ներգործութիւնը ունի կեանքի բոլոր երեսներուն վրայ:

Հայու ազգային ինքնութիւնը խարսխուած ու շաղախուած է քրիստոնէական արժէքներով, որ անքակտելի է: Կրօնական յօդուածները իրական կեանքին համար ուղղեցոյցներ են։ Առօրեայ խնդիրներն ու աշխարհի հարցերը, քրիստոնէավայել ընթացքով մը դիմագրաւելու կոչ ու պատգամ են։

Եւ այսպէս, քննական պրիսմակը շարունակելով, առիթը տրուեցաւ ՔԱՎ-ի Փոխ Տնօրէն` Պրն․ Կարօ Արսլանեանին։
Ան բերկրալի ոճով մը սկսաւ իր խօսքը, ըսելով «Գիրքի մը հրատարակութիւնն ու անոր նուիրուած շնորհահանդէսը, «ծնունդի, ապա մկրտութեան» ուրախ ու շնորհալի առիթներ են: Մեր տրամադրութեան տակ դրուած այս նորածին հատորի հեղինակը, մարդկային տեսակի առումով տիպարն է բարձրագոյն արժէքներ կրող մերօրեայ մարդուն, որուն բացակայութիւնը մեր կեանքի մէջ շատ յաճախ զգալի է»:

Աւելցնելով Պրն․ Արսլանեան ըսաւ.- «Սոյն հատորը ընթերցելէ ու քննելէ ետք, անոր բովանդակութիւնը կարելի է ամփոփել երեք գլխաւոր միտքերու մէջ.-

Հաւատացեալ հայուն դարաւոր տեսիլքը վառ է ու կը մնայ միշտ վառ, մինչեւ այն ատեն, երբ աշխարհացրիւ հայութեան հոգիներուն մէջ առկայծ է նախահօր Հայկի կտակած ազատատենչ հայու կերպարը, այն կերպարը որ այսօրուան նիւթապաշտ աշխարհի ցուրտէն պատսպարուելու համար գիտէ ջերմանալ՝ իր խորքը ճարճատող հաւատքի հուրով, եւ անոր լոյսով նաեւ գտնել ճշմարտութեան արդար ուղին:

Արարող ու զարգացող հայուն կամքը, որ անկոտրում է եւ ծլարձակող: Կամք, որ ստացած է իր ամրութիւնը պապենական հողի ժայռերէն, սիգապանծ լեռներու վրայ ծնունդ առած իր նախնիներու պատգամը միշտ թելադրած է զինք ըլլալ խիզախ, որովհետեւ կեանք կը նշանակէ ապրիլ, իսկ ապրիլը՝ յարատեւ պայքար ու յառաջխաղացք:
Վերջապէս, յոյսը ամօթով չի ձգեր։ Այն յոյսը, որ անձրեւոտ աչքերու սրբիչն է, ցաւոտ հոգիներու բալասանն է: Այն սրբազան յոյսը, որ մեր ազգի պարտութիւնները դէպի կատարեալ յաղթանակներու առաջնորդողն է»:

Բոլոր արտասանուած խօսքերը անվաւեր պիտի նկատուէին մինչեւ այն պահը, երբ քուէյթահայ հանրայայտ սիրուած ասմունքող՝ Տիկին Նարինէ Գոնճայեան-Արապաթլեան հմայիչ կերպով ընթերցեց «Եթէ կ’ուզես, կ’ըլլայ» յօդուածը, որ եկաւ երաշխաորելու բոլոր զեկուցաբերներու բանաւոր վկայութիւնները։

Օրուան յայտագիրին իր ոգեւորիչ մասնակցութիւնը բերաւ, ՀՀ մեծարգո՛յ Դեսպան, Տիար Սարմէն Պաղտասարեան, որ իր կարգին, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց գիրքի բովանդակութիւնը, շնորհաւորեց անոր շունչ տուող հեղինակը, մաղթելով բեղմնաւոր ճանապարհ, գիրի ու գրականութեան ոլորտէն ներս։

Վերջապէս, կարելի չէր յայտագիրը աւարտել, առանց Տէր եւ Տիկին Դոկտ․ Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեաններու երախտիքի խօսքերուն։ Անոնք սրտի անհուն հրճուանքով, ողջունեցին ձեռնարկը հովանաւոր եւ կազմակերպող կողմերը, անհատ առ անհատ, իրենց ուրախութիւնը, սէրն ու կապուածութիւնը յայտնեցին Քուէյթահայ համայքին, խոստանալով մնալ հաւատաւոր հետեւորդները մեր նախահայրերուն, որոնք ընկրկում չճանչցան եւ հայու անխախտ հաւատքով ու կամքով շարունակեցին իրենց վստահուած առաքելութիւնը, հարկ եղած պահուն նոյնիսկ իրենց կեանքերը նուիրաբերեցին, մեզի նոր արշալոյսներ պարգեւելով։

Գրական երեկոներու ծարաւը հագեցնող, այս հոգեպարար հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց՝ Գերպ․ Հայր սուրբը։

Ան լուսարձակի տակ առաւ, Ճէպէճեան ամոլի լուսաշող տեսիլքը, հաստատուն կամքն ու անմառ յոյսը, որոնք խթան կը հանդիսանան իրենց, դառնալու կենսատու մասնիկներ, հայկական մեր իրականութեան մէջ։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ գինեձօնի կենսուրախ եւ աւանդական արարողութիւնը։

Յայտագրի գործադրութենէն անմիջապէս ետք, ներկաները իրենց ջերմ բարեմաղթանքները փոխանցեցին Դոկտ․ Ճէպէճեանին եւ մեծ հաճոյքով ստացան մակագրուած գիրքերու իրենց օրինակները, նման հոգեկան բաւարարութիւն պարգեւող ձեռնարկներ յաճախ կրկնուելու հեռանկարով։

ՄԱՐԻԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
ՔՈՒԷՅԹ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930