Vaticannews. Պոլսոյ «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսութիւն, նուիրուած հայ մեծ շանսոնիյէ՝ Շարլ Ազնաւուրին։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի սաները։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» հայաստանեան վարժարանի մէջ գրական-գեղարուեստական հանդիսութիւն մը սարքուեցաւ ի յիշատակ Շարլ Ազնաւուրի։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի, Ֆրանսայի ու բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ 2024ը «Ազնաւուրի տարի» է ու Ազնաւուրի ծննդեան 100ամեակին առիթով մեծահանդէս արարողութիւններ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի, Ֆրանսայի ու ֆրանսախօս բազմաթիւ երկիրներու մէջ։
«Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ եւս մեծարուեցաւ հայ ժողովուրդի համար այս թանկագին արուեստագէտը։ Միջոցառումը տեղի ունեցաւ հայաստանեան դպրոցի ու Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի խումբ մը սաներու համատեղ մասնակցութեամբ։ Մխիթարեանցի աշակերտները իրենց ուսուցիչներ Ալիտա Թանիկեանի, Նորա Տէլկիի, Արսէն Պ. Ալեքսանեանի առաջնորդութեամբ հիւրընկալուեցան հայաստանեան դպրոցի երդիքին տակ։ Գրական-երաժշտական միջոցառման սկիզբը տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան ողջոյնի խօսք արտասանեց, կարեւոր նկատելով նմանօրինակ հանդիպումները, որոնք առհասարակ կը նպաստեն միջվարժարանային ջերմ յարաբերութիւններու ձեւաւորման, նաեւ օգտակար են հայաստանցի աշակերտներու պարագային։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: