Թող որ Յարութեան լոյսը լուսաւորէ մեր մտքերը եւ դարձի բերէ մեր սրտերը, մեզ իրազեկ դարձնելով արժեւորելու իւրաքանչիւր մարդկային կեանք, որ պէտք է միշտ ընկալուի, սիրուի ու պաշտպանուի։ 60 հազար հաւատացեալներ մասնակցեցան Վատիկանի մէջ Սուրբ Զատկուայ պատարագին ու Քահանայապետի աւանդական պատգամին ու օրհնութեան։
«Նմանապէս, կը քաջալերեմ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև բանակցութիւնները, որպէսզի միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ, անոնք կարողանան շարունակել երկխօսութիւնը, օգնութեան հասնիլ տեղահանուածներուն, յարգել տարբեր կրօնական դաւանանքներու պաշտամունքի վայրերը և հնարաւորինս շուտ հասնիլ խաղաղութեան համաձայնութեան, որ ըլլայ վերջնական»։ Խօսքերն են ասոնք, զոր արտասանեց Ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղած 2024-ի Սուրբ Զատկուայ տօնին «Ուրպի էթ Օրպի» պատգամին մէջ։
Պատգամէն առաջ Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած էր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը, աւելի քան վաթսուն հազար ուխտաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնց շարքին կային նաեւ Հայաստանէն ժամանած բազմաթիւ ուխտաւորներ։
Կարդացեք նաև
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում